image
Հրատապ լուրեր:

Մալաթիոյ Մէջ Կազմաքանդուած Է 200 Ամեայ Հայկական Շինութիւն Մը

Մալաթիոյ Մէջ Կազմաքանդուած Է 200 Ամեայ Հայկական Շինութիւն Մը

Մալաթիա նահանգի Տարենտէ շրջանին մէջ կազմաքանդուած է հայկական պատմական շինութիւն մը:  Այս  մասին կը գրէ Պոլսոյ «Մարմարա»ն, որ նաեւ  կը նշէ  թէ Տարենտէի քաղաքապետարանը որոշում կայացուցած էր շրջանի կիսաքանդ բոլոր շինութիւնները կազմաքանդելու մասին, անոնց վտանգաւոր ըլլալու եւ ամէն վարկեան փուլ գալու հնարաւորութեան պատճառով: Այս որոշման ծիրէն ներս կազմաքանդուած է նաեւ Տարենտէի «Հայիք Էրթէղի» թաղամասի ամենահին տուներէն մէկը՝  «Տէմիրճիլէր էվի»ն (Երկաթագործերու տուն), որ 200-ամեայ պատմութիւն ունեցող հայկական շինութիւն մըն էր:Պատմական այս շինութիւնը, որ կը բաղկանար քսան սենեակներէ, անտէրութեան մատնուած եւ քսան տարի դատարկ մնացած էր, յայտնուելով վտանգաւոր վիճակի մէջ: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ տան ներկայ սեփականատէր Հաճը Ահմէտ Սոյլէմէզ դիտել տուած է, որ «երկաթագործներու տուն»ը Տարենտէի ամենահին տունն էր եւ հայերէ ժառանգութիւն մնացած էր: «Անոր դռներն ու առաստաղը փայտագործ վարպետնետու ձեռքի աշխատանքն էր: Շէնքը մշակութային արժէք կը ներկայացնէր, բայց անտէրութեան մատնուելու պատճառով  քանդուեցաւ»,- նշած է ան: