Լիբանանեան հարաւի մէջ տեղակայուած ՄԱԿ-ի խաղաղապահ զինուորներ ապօրինի առեւտուր կը կատարեն: Այս մասին մանրամասն րէփորթաժ մը հրապարակած է սպանական El Pais պարբերականը: Թերթը կը գրէ, թէ ՄԱԿ-ի կողմէ պատրաստուած եւ զինուորներուն բաժին ինկած ուտելիքներուն մեծ մասը խաղաղապահները ներքին կարգով կը վաճառեն շրջանի բնակիչներուն: Վաճառքի գումարները ամսական դրութեամբ կը հասնին 13 հազար եւրոյի: Կը հաղորդուի նաեւ, որ սոյն ապօրինի գործերուն մէջ ընդրկուած են մասնաւորապէս Իտալացի եւ Կանացի զինուորները: Նշենք, որ 2006-էն ի վեր խաղաղապահ առաքելութեամբ Լիբանանի հարաւը տեղակայուած զինուորներուն թիւը կը հասնի 10 հազարի: ՄԱԿ-ը այդ թուականէն ցայսօր 14 միլիոն եւրոյի հասնող հատկացումներ կատարած է՝ հոգալու համար զինուորներուն ընդհանուր պէտքերը: Թերթը այս մասին հրապարակուած րէփորթաժէն շրջան մը գրած է, թէ նիւթի հրապարակումը սառն կերպով ընդունուած է թէ՛ ՄԱԿ-ի եւ թէ ալ Իտալիոյ կառավարական շրջանակներուն մօտ, որոնք չեն պատրաստուիր ոչ մէկ փոփոխութիւն կատարել հարցը լուծելու համար: