image
Հրատապ լուրեր:

Մահացած է 57 ամեայ ամերիկացի նշանաւոր երգիչ Փրինսը

Մահացած է 57 ամեայ ամերիկացի նշանաւոր երգիչ Փրինսը

Հանրայայտ երաժիշտ Ռոճըրս Նելսոնu, որ երաժշտական ասպարէզէն ներս յայտնի էր Փրինս անունով, իր մահկանացուն կնքած է 57 տարեկան հասակին: BBC լրատուական գործակալութեան համաձայն, ոստիկանութիւնը «բժշկական արտակարգ իրավիճակ»ի ահազանգով շտապած էր երգիչի Paisley Park-ի առանձնատանը, ուր անոր գտած էր մահացած: Կը նշուի նաեւ, որ Փրինս անցեալ շաբաթ համերգի մը ժամանակ երկար ժամեր բեմին վրայ երգելէ ետք, տեղափոխուած էր հիւանդանոց, սակայն աւելի ուշ դուրս եկած էր:

«Օսքարի», «Կրեմիի» եւ «Ոսկէ Կլոպուսի» դափնեկիր ամերիկացի երաժիշտ Փրինսը համաշխարհային աստղ դարձած էր 80-ականներուն, յատկապէս իր յայտնի Purple Rain երգով: Իր ամենանշանաւոր երգերէն են Lets go crazy-ին եւ When doves cry-ը: Ան, բացի երգեցողութենէ, կը նուագէր բազմաթիւ երաժշտական գործիքներու վրայ: