Տիթրոյթի Հայ Ժառանգութեան Յանձնախումբը 2016-ի Յունուար ամսուն սկզբին, լոյս ընծայած է Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեանի 38-րդ «Տօներ Եւ Նշմարներ» խորագրով հայերէն եւ անգլերէն երկլեզու հատորին: Գիրքը բաղկացած է 158 էջերէ, ուր ներկայացուած են կրօնական, ազգային, ընկերային, աստուածաբանական, դաստիարակչական բնոյթի յօդուածներ, որոնցմէ 26-ը՝ անգլերէն եւ 15-ը հայերէն լեզուով գրուած են: Նշենք, որ հեղինակն իր այս հատորը ձօնած է Էքիզ Օլուքի (Քեսապ) էմմանուէլ Հայ Աւետարանական Եկեղեցիին, ուր ան ստացած է իր նախնական հոգեւոր դաստիարակութիւնը: