Լոնտոնի մէջ ատրպէյճանական համայնքի ներկայացուցիչներ փորձած են ցոյց կազմակերպել ՀՀ դեսպանատան մօտ եւ գրոհել ՀՀ դեսպանատան վրայ, եւ անշուշտ հանդիպած հայ երիտասարդներու դիմադրութեան, որոնք պատ կազմելով պաշտպանած են դեսպանատան շէնքը։
Համացանցով տարածուած է տեսանիւթ, ուր կ'երեւի, թէ ինչպէս ոստիկանութիւնը կը փորձէ վերահսկողութեան տակ պահել իրավիճակը։
Հաւաքուած ատրպէյճանցիներու խումբը վիրաւորական արտայայտութիւններ ըսած է դիմացի մայթին վրայ՝ դեսպանատան մօտ հաւաքուած հայերու հասցէին, անոր յաջորդած է ծեծկռտուք, որուն փորձած են միջամտել ոստիկանները։
Մանրամասնութիւնները՝ տեսանիւթով։