image

Իսրայէլացի Բեմադրիչը «Ֆաշիստ» Կը Համարէ Նաթանիահույի Կառավարութիւնը

Իսրայէլացի Բեմադրիչը «Ֆաշիստ» Կը Համարէ   Նաթանիահույի  Կառավարութիւնը

Իսրայէլ- («Independent»- Լոնտոն)- Իսրայէլցի  բեմադրիչ Ուտի Ալոնի, որ շաբաթ օր շահած էր լաւագոյն հանդիսատեսի մրցանակը՝ Պեռլինի ֆիլմարուեստի փառատօնինն, Իսրայէլի կառավարութեան «ֆաշիստ» անուանած է եւ կոչ ըրած է Գերմանիային դադարեցնել իր ռազմական աջակցութիւնը՝  հրէական պետութեան: Այս մասին կը գրէ «Independent»ը աւելցնելով, որ Ալոնի   «Panorama Audience Award»ի     մրցանակը  ստանալէ  ժամեր առաջ, յայտարարած է, թէ Գերմանիան կ'աջակցի «Իսրայէլի ֆաշիստական ​​ռէժիմին»:56-ամեայ բեմադրիչը Իսրայէլը կոչած է «սպիտակ մարդոց ժողովրդավարութիւն» եւ քննադատած է Գերմանիոյ վարչապետԱնկելա Մէրքէլի Իսրայէլի աջակցութիւնը, ըսելով. «Մէրքէլը  կ'անտեսէ  Իսրայէլի բռնարարքները եւ սուզանաւեր կը վաճառէ Նաթանիահուին, որպէսզի  ան շարունակէ  իր    սխալ քաղաքականութիւնը»: Ալոնի աւելի ուշ պարզաբանած է, որ իր մեկնաբանութիւնները ուղղուած էին Իսրայէլի կառավարութեան եւ ոչ թէ իր սիրած երկրին դէմ:Ալոնի նաեւ իր աջակցութիւնը եւ հիացումը յայտնած է պաղեստինցի ռէփըր Թամէր Նաֆարի հանդէպ, որու կեանքի վրայ հիմնած է իր ֆիլմի նիւթը, եւ որ նաեւ պնդած էր, թէ Իսրայէլը ահաբեկչական երկիր է:Հաղորդագրութեան համաձայն, Իսրայէլի մշակոյթի նախարարութիւնը արձագանգելով Ալոնիի խօսքին,  յայտարարած է, որ Իսրայէլ պէտք չէ ֆինանսաւորէ ֆիլմեր, որոնք իր հասցէին զրպարտութիւն եւ չարախօսութիւն  կը տարածեն: