Իրան- («Ալ-Շարք Ալ-Աուսաթ»- Լոնտոն)- Իրանցի զինուորական մեծ պատասխանատու մը երէկ Թէհրանի մէջ գումարուած խորհրդաժողովի ընթացքին ցուցադրած է իրանեան դիւանագիտութեան յառաջիկայ տարիներուն ունենալիք ընդհանուր գիծերը: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Շարք Ալ-Աուսաթ», նշելով, որ այդ ծրագրի մէջ ընդգծուած էր Թէհրանի վճռակամութիւնը՝ շարունակել օժանդակել լիբանանեան «Հըզպալլա»ին, որպէսզի ան ե՛ւ նիւթապէս ե՛ւ ռազմականօրէն հասնի «ինքանբաւարարման» եւ դառնայ մեծագոյն ուժ դառնայ Լիբանանի մէջ, շեշտելով անոր ունեցած կարողութիւնները պահպանելու կարեւորութեան՝ լիբանանի մէջ ստեղծուող քաղաքական որեւէ պայմաններու տակ:
Ալի Խամինաաիի ռազմական խորհրդատու եւ յեղափոխութեան պահակախումբի առաջնորդ զօրավար Ռահիմ Սաֆուան նաեւ շեշտած է, որ Իրանի դիւանագիտական նախընտրանքներու մէջ կայ նաեւ Սուրիոյ բաժանման եւ նախագահ Պաշշար Ասատի հեռացման արգիլք ըլլալը: Ան նաեւ նշած է, որ Իրանը պէտք է յստակ նամակ ուղղէ Քիւրտիստանի տարածաշրջանի ղեկավարներուն եւ դիմադրէ՝ արգիլելով Իրաքի բաժանումը:
Այնուհետեւ, նոյն ծիրէն ներս անդրադառնալով տարածաշրջանին մէջ 2036-ի Իրանի վարելիք քաղաքականութեան, Սաֆուի արտայայտած է՝ «Իրանի այս դիւանագիտութեան» դրացի երկիրներուն փոխանցելու իր կողմնակցութիւնը, նկատի ունենալով իր երկրի վրայ արեւմտեան Ասիոյ շրջանին ունեցած աշխարհաքաղաքական դերի կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ շեշտած էր Ազրպէյճան-Հայաստան-Վրաստան եռանկիւնով հետաքրքրուելու անհրաժեշտութիւնը:
Ան նաեւ կարեւորած է Իրանի մշտական ներկայութիւն ըլլաը՝ Շանկհայի համագործակցական կազմակերպութեան մէջ, որ կը նկատուի աճող դաշնակից մը, ի տարբերութիւն ՆԱԹՕ-ին: Միեւնոյն ժամանակ ան մեղադրած է ԱՄՆ-ն «Պահրէյնի, Իրաքի, Սուրիոյ, Եէմէնի, Աֆղանիստանի եւ Լիբանաին» մէջ քաղաքական անկայունութեան մէջ ունեցած դերակատարութեամբ: Ան նաեւ կոչ ըրած է վերատեսութեան ենթարկել «Ամերիկայի, Իսրայէլի եւ արաբական երկիրներու բարեկամ»՝ Թուրքիոյ հետ ունենալիք անվտանգութեան, տնտեսական, եւ քաղաքական յարաբերութիւնները: