image

Իրան մեծ կորուստներ ունի Սուրիոյ մէջ

Իրան մեծ կորուստներ ունի Սուրիոյ մէջ

Իրան- («Ալ-Քուտս Ալ-Արապի»)-  Իրանեան յեղափոխութեան պահակախումբի նախկին հրամանատար Այն Ալլա Թապրիզին բացայայտած է, թէ 2012-էն ի վեր Սուրիոյ մէջ սպաննուած է 1200 կռուող: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ-Քուտս Ալ-Արապի»ն, նշելով, որ Թիպրիզին, անդրադառնալով Սուրիոյ մէջ Իրանի դիմագրաւած դժուարութիւններուն, ըսած է «Եթէ մենք չպայքարինք «Տահէշ»ի դէմ Սուրիոյ մէջ, ապա ստիպուած պիտի ըլլանք անոր դէմ պայքարիլ Քիւրտիստանի սահմանին»:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ անցեալ շաբաթ  20-50 իրանցի զինուոր սպաննուած էին Սուրիոյ ընդդիմութեան կողմէ, Հալէպի հարաւը գտնուող «Խամ Թուման»ի մէջ, 100 զինուորներէ բաղկացած զօրախումբին պատրաստուած թակարդի հետեւանքով, մինչ յեղափոխութեան պահակախումբը յայտարարած էր  13 զինուորներու սպանութեան եւ 21 վիրաւորերու մասին:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ իրանեան մարդկային կորուստները Սուրիոյ տարածքին վերջին շրջանին աճած են, ուր ապրիլ ամսուն, Թէհրան կորսնցուցած է իր 5 լաւագոյն առաջնորդները, որոնցմէ մէկը գնդապետի պաշտօնով, ինչպէս նաեւ՝ տասնեակ զինծառայողներ: