Լիբանան- («Ալ-Ժումհուրիա»- Պէյրութ)- Անթիլիասի մէջ գործող «Ալ-Ռիմ» ջուրի շշալցման ընկերութիւնը ազդարարութիւն ստացած է Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ-Ժումհուրիա» թեթը: Աղբիւրին համաձայն, ընկերութիւնը մեծ քանակով փլասթիք շիշերու լեցուած ջուրերը երկար ժամանակ արեւին տակ կը պահէ, ինչը կրնայ քաղցկեղային հիւանդութիւններ առաջացնել՝ փլասթիք նիւթի կազմալուծման եւ ջուրին թունաւոր նիւթեր փոխանցելու պատճառով: Նման եւ այլ թերացումներ նկատի ունենալով, առողջապահութեան նախարարութիւնը ընկերութիւնը զգուշացուցած է եւ պահանջած՝ յարգել նախարարութեան կողմէ սահմանուած ըմպելի ջուրի շշալցման անհրաժեշտ պայմաններն ու չափանիշները: