image

ՀՅԴ-ի Առաջադրած քաղաքապետական խորհուրդի անդամներն ու թաղապետները յաղթանակ արձանագրած են

ՀՅԴ-ի Առաջադրած     քաղաքապետական  խորհուրդի  անդամներն ու թաղապետները  յաղթանակ արձանագրած են

Երէկ Լիբանանի  մէջ տեղի ունեցած  քաղաքապետական ընտրութիւններու երկրորդ փուլի աւարտին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան  կողմէ   առաջադրուած  քաղաքապետական խորհուրդներու թեկնածուներն ու թաղապետները յաղթանակ  գրանցած են: Այս մասին տեղեկութիւնը տրուած է   Պէյրութի «Ազդակ»ին կողմէ: Ըստ աղբիւրին,  երէկ   ընտրուած են քաղաքապետական խորհուրդներու անդամի թեկնածուներ Գրիգոր Խալոյեան (Զալքա-Ամարաթ Շալհուպ), Հայկ Ոսկերիչեան (Անթիլիաս-Նաքքաշ), Պետրոս Մաճարեան (Տըպպայէ), Լեւոն Տէր-Սարգիսեան (Մըզհեր-Պսալիմ),  Տենի Գէորգեան (Պէյթ Շաար), Սարգիս Եղիա Ստեփանեան (Պէյթ Շաար), Ժոզեֆ Պեզճեան (Ժիպէյլ), Վահէ Գալընճեան (Պիքֆայա), Սիլվա Թնկըրեան-Տըայպէս  եւ Յովիկ Պէրպէրեան (Հազմիէ), թաղապետական թեկնածուներ Աւօ Քէօրքիւնեան (Մըզհեր) եւ Պաղտիկ Տեմիրճեան (Պաուշրիէ): Ըստ  թերթին, լիբանանահայութիւնը ո՛չ միայն նախորդ հանգրուանի հայկական ներկայացուցչութիւնը ապահովեց կարգ մը շրջաններու մէջ, այլ նաեւ նոր ներկայացուցիչներ ապահովեց այլ վայրերու մէջ, որպէսզի անոնք ունենան լիազօրութիւնը հետապնդելու հայութեան շահերը, լուծելու լիբանանահայութեան դիմագրաւած հարցերը եւ լծուելու աւելի լաւ ապագայի մը կերտումին: