Անցեալ Կիրակի 17 Յունուարին, Փասատինայի մէջ տեղի ունեցած է ՀՅԴ-ի 125-րդ տարեդարձը ոգեկոչող հանդիսութիւն, երեք հազար հայորդիներու ներկայութեամբ, այս մասին կը հաղորդէ «Ասպարէզ»ը:
Հանդիսութեան ընթացքին օրուան պատգամները փոխանցած են ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեանը եւ օրուայ գլխաւոր բանախօսը՝ ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանը: ՀՅԴի մասին իրենց տեսագրուած վկայութիւնները փոխանցած են նաեւ համայնքի հոգեւոր եւ ազգային գործիչները, ինչպէս նաեւ Ուաշինկթընի մօտ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Սարգիսեանը:
Բոլոր խօսքով հանդէս եկողները շեշտը դրած են կազմակերպութեան 125 տարուան անցած ուղիէն դասեր վերցնելու, հայկական հարցի արծարծման եւ պահանջատիրութեան գործի շարունակութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանին սատար կանգնելու կարեւորութեան վրայ, որպէսզի ան սոցիալապէս արդար, տնտեսապէս կարող եւ քաղաքականապէս աւելի անկախ դառնայ:

Յայտագիրի գեղարուեստական բաժինին իր մասնակցութիւնը բերած էր նաեւ երգիչ Յարութ Փամպուքճեանը, որուն «Հեռացած ընկերներ» երգին հետ ցուցադրուած էր Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու ՀՅԴ-ի շարքայիններէն վերջին շրջանին մահացած ընկերներու նկարները ներկայացնող տեսաերիզ մը:
Հանդիսութիւնը աւարտուած է «Փիլիպոս»ի աշակերտական երգչախումբի սաներու «Արիւնոտ Դրօշ» երգի կատարողութեամբ, որուն մեծ ոգեշնչումով եւ յոտնկայս հետեւած են հանդիսատեսները: