Լիբանանի մէջ գրանցուած է «Քորոնա»ով վարակուած երկրորդ պարագայի մը մահը։
Այս մասին տեղեկութիւնը հաղորդեց Lebanon 24 կայքը։
Աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ հիւանդը 55 տարեկան էր եւ կը կոչուէր ՝Մարուն Քարամ։
Աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ այսօր գրանցուած են «Քորոնա» վարակով բռնուած 8 նոր հիւանդներ։
Այսպիսով Լիբանանի մէջ վարակուածներու թիւը կը մօտենայ 60-ի։