image

«Հայերու տեղահանութիւնը հիանալի որոշում էր». MHP-ի առաջնորդ

«Հայերու տեղահանութիւնը հիանալի որոշում էր». MHP-ի առաջնորդ

Թրքական «Գորշ գայլեր» ծայրայեղական ազգայնական կազմակերպութեան քաղաքական թեւը համարուող «Ազգայնական շարժում»  կուսակցութեան(MHP) նախագահ Տեւլէթ Պահչելին կուսակցութեան այսօրուան նիստին խօսած է Գերմանիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ընդունման մասին: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Milliyet» թերթը, նշելով, որ Պահչելին արդարացուցած է երիտթուրքերու կողմէ հայերուն տեղահանութեան ենթարկելու որոշումը` այն անուանելով «հիանալի որոշում»: Ծայրայեղական ազգայնականը, օգտագործելով թրքական կեղծ թէզերը, ըսած է. «Ով ինչ ուզէ թող ըսէ. թուրք ժողովուրդին թիկունքէն դաշունահարածներու տեղահանութիւնը հիանալի քաղաքական որոշում էր, որ փրկեց թրքական հայրենիքի հարիւրամեակը եւ փառք Աստծոյ՝ կատարուած է այն, ինչը անհրաժեշտ էր»:

Պահչելին, հաւատարիմ մնալով ազգայնական տեսակէտներուն, կրկին թուրքերու կողմէ ցեղասպանութեան ժամանակ իրականացուած կոտորածները վերագրած է հայերուն` ըսելով, թէ իրականութեան մէջ թուրքերն են կոտորածի ու խոշտանգումի ենթարկուածները: «Տեղահանութիւնը տեղին էր, այսօր ալ նոյն իրավիճակի մէջ եթէ ըլլանք՝ այդ մէկը անխուսափելի կ'ըլլայ: Այդ ժամանակաշրջանի իթթիհատականները (երիտթուրքեր) ազգային գիտակցութեամբ կատարած են իրենց պարտականութիւնները»,- եզրափակած է Պահչելին: