Երէկ, Կապալայի մէջ տեղի ունեցած Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարներու հետ համատեղ մամուլի ասուլիսին ժամանակ, Վրաստանի պաշտպանութեան նախարար Թինա Խիտաշելին յայտարարած է, որ Հայաստանի հետ Վրաստանի համագործակցութեան մակարդակը բարեկամական է, եւ ոչ ռազմավարական: Բացատրելով նման դիրքորոշումը, նախարարը աւելցուցած է՝ «Թուրքիան ՆԱԹՕ-ի անդամ է, որուն կ'ուզէ նաեւ անդամակցիլ Վրաստանը, եւ այս մէկը կը յստակացնէ մեր ռազմավարական գործընկերութիւնը, իսկ Հայաստանի պարագային, ան արդէն անդամակցած է ԵՏՄ-ին, իսկ մենք չենք ուզեր մտնել այնտեղ», շեշտելով, որ Վրաստանի նպատակը եւրոատլանտեան ընդելուզումն է: Այս մասին կը հաղորդէ Georgia Online-ը, նշելով, որ Խիտաշելին նաեւ յայտնած է, որ ինք յունուար 2016-ին Երեւան կատարած իր այցելութեան յստակօրէն ըսած է, որ Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը Վրաստանի ռազմավարական գործընկերներն են: «Մենք կ՝աշխատինք բազում երկիրներու հետ: Վրաստանի համար այսօր ամենակարեւորը տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատումն է: «Մենք Հայաստանի հետ կ՝աշխատինք իբրեւ մեր հարեւանը, եւ մեր միջեւ չկան խնդիրներ, սակայն ինչպէս մենք ըսինք, որ գոյութիւն ունի գործընկերութիւն, ճանապարհ, ուր մենք միասին կ՝երթանք» եզրափակած է Խիտաշելին, աւելցնելով, որ Վրաստանի մէջ կ՝ապրին բաւական մեծ թիւով հայեր, որոնց համար ալ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները Վրաստանի համար նոյնքան կարեւոր են, որքան՝ Ազրպէյճանի հետ: