Հայ Դատի (ANCA) յանձնախումբի տարբեր երկիրներու ներկայացուցիչներ Ղարաբաղ պիտի մեկնին մասնակցելու համար Մայիսեան եռատօնի միջոցառումներուն: Այս մասին տեղեկութիւնը տրուած է «Արմէնբրէս»ի կողմէ, որ այս առթիւ զրուցած է Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատուներէն ՝ Պետօ Տէմիրճեանին հետ: