Թուրքիոյ մէջ հրապարակ կ'իջնէ ժապաւէն մը, որ կ՛առնչուի Հայոց Ցեղասպանութեան, իսկ անոր բեմադրիչն է համշէնահայ Էօզճան Ալփեր:«Հովուն յուշերը» անունը կրող սոյն ժապաւէնին հերոսն է Արամ անունով ընդդիմադիր հայ լրագրող մտաւորական մը: Արամ 1940 թուականներուն կը տարուի 1915-ի Մեծ եղեռնի ողբերգութեան յիշողութիւններով ու կը տառապի այդ յիշողութիւններուն բացած բարոյական վէրքով:Էօզճան Ալփեր այսօր Թուրքիոյ մէջ նոր շարժապատկերի շարժումի հետաքրքրական դէմքերէն մէկն է: Անոր առաջին գլխաւոր ժապաւէնը` «Աշուն»-ը, կ՛առնչուէր իր սերունդի խնդիրներուն, իսկ երկրորդը` «Ապագան յաւերժական է»-ն, կը զբաղէր քրտական հարցով:Ալփեր դիտել կու տայ, որ իր նպատակը անպայմանօրէն Թուրքիոյ զանազան շրջաններով զբաղիլ չէ, այլ անցեալը ետ բերելն է, որովհետեւ անցեալն է, որ կը ձեւաւորէ ներկան ու ապագան: «Անցեալէն կարելի չէ փրկուիլ… եթէ դռնէն վռնտես զայն, ան ծխնելոյզէն ներս կը մտնէ: Կարելի չէ փրկուիլ անցեալէն», կ՛ըսէ ան:«Ես քառասուն տարեկան եմ եւ նոր հայր եղայ: Կը յուսամ, որ աղջիկս, երբ քառասուն տարեկան ըլլայ, պէտք չ՛ունենար մտածելու այս նոյն հարցերուն մասին. պէտք է այդպիսի աշխարհ մը ձգենք մեր զաւակներուն: Ուրեմն, իմ ժապաւէններս կը զբաղին նոր «այսօր» մը կառուցելու նիւթով», կ՛ըսէ Էօզճան Ալփեր:Ան նաեւ կը գանգատի Թուրքիոյ մէջ բարոյական արժէքներու անկումէն` ըսելով. «Ի՞նչ եղաւ մեզի: Այս երկրին մէջ դիակները կը քաշքշուին փողոցներուն մէջ, սահմանին վրայ դիակները չեն յանձնուիր իրենց տէրերուն: Եթէ թշնամի է, ան մեռած է այլեւս, եւ ինչո՞ւ մեռեալին նկատմամբ յարգանք ցոյց չի տրուիր, հակառակ անոր որ մեր կրօնը մեզի կը հրահանգէ յարգել մեռեալը: Հաւաքականութեան մէջ ուժի տարօրինակ խենթութիւն մը կայ»:Նշենք, որ այս տարի Գերմանաբնակ թուրք բեմադրիչ Ֆէթիհ Աքինի The Cut-էն ետք, այս երկրորդ ֆիլմը պիտի ըլլայ, որ կը կ'արծարծէ Հայոց Ցեղասպանութեան թեման: Լուրը քաղած ենք Պոլիս հրապարակուող «Մարմարա»էն: