Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կոպւսակցութեան Հալէպի «Ս.Տխրունի ուսանողական միութեան» անդամներ Սուրիոյ մէջ երէկ համընկնող «Ուսուցչաց տօն»ին առթիւ այցելութիւն տուած են Հալէպի հայկական 5 վարժարաններ: Հնչակեան ուսանողները շնորհաւորած եւ քաջառողջութիւն մաղթած են բոլոր հայ ուսուցիչ- ուսուցչուհիներուն: