image

Հալէպահայ Երիտասարդ Շանթ Կէօզիւկիւչիքեան Մահացած Է Պէյրութի Մէջ

Հալէպահայ Երիտասարդ         Շանթ      Կէօզիւկիւչիքեան    Մահացած Է Պէյրութի Մէջ

Հալէպահայ  երիտասարդ  Շանթ Կէօզիւկիւչիքեան  իր մահկանացուն կնքած է  Պէյրութի  մէջ: Այս  մասին տեղեկութիւնը տրուած է     ընկերային   ցանցի   միջոցաւ: Կը նշուի, որ Շանթ կը ծառայէր Սուրիոյ  ազգային բանակին մէջ եւ     իր մօտ յայտնաբերուած  հիւանդութեան հետեւանքով արտօնութիւն ստացած է   Պէյրութ   մեկնիլ բուժուելու նապատով:  Շանթ   իր մահկանացուն կնքած է   հինգշաբթի  3  Մարտին: Հանգուցեալին   յուղարկաւորութեան  եւ թաղման արարողութիւնը պիտի  կատարուին  այսօր Ուրբաթ    4  Մարտին    Պուրճ Համուտի Նոր Ատանա  թաղի  Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ  անոր մարմինը պիտի փոխադրուի եւ ամփոփուի  Պուրճ  Համուտի Ազգային  գերեզմանատան մէջ:     Հանգուցեալ Շանթ  Կէօզիւկիւչիքեան  25  տարեկան էր: