image

Հալէպ. Պատերազմի ընթացքին մահացածներու աճիւնները Ազգային Գերեզմանատուն կը փոխադրուին (Լուսանկարներ)

Հալէպ. Պատերազմի ընթացքին մահացածներու աճիւնները Ազգային Գերեզմանատուն կը փոխադրուին (Լուսանկարներ)

Սուրիոյ պատերազմի ընթացքին տարբեր պայմաններու տակ մահացած մեր հայրենակիցներուն աճիւնները պիտի տեղափոխուին Հալէպի Շէյխ Մաքսուտ շրջանի Ազգային  Գերեզմանատուն: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ փոխանցեց, որ մահացողներու աճիւններու առաջին խմբաքանակը, (5 մեռելներու աճիւններ) արդէն իսկ երէկ յատուկ կարգադրութիւններով տեղափոխուած եւ ամփոփուած են Շէյխ Մաքսուտ շրջանին մէջ գտնուող Ազգային Գերեզմանատուն:

 

Նշենք, որ աճիւններու տեղափոխման ընդհանուր աշխատանքները կը կատարուին Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդրանի ընդհանուր վերահսկողութեամբ:

 

 Յիշեցնենք,որ Հալէպի մէջ շղթայազերծուած պատերազմի ծանրագոյն փուլերուն Հալէպի Ազգային գերեզմանատունը դադրած էր գործելէ, գտնուելով կառավարական զօրքին եւ ահաբեկիչ զինեալներու հատման գիծին վրայ: Այդ իսկ պատճառով եւ Հալէպի հայ երեք յարանուանութիւններու պատկան մարմիններու կարգադրութեամբ Հալէպի մէջ մահացող մեր  հայրենակցները հողին կը յանձնուէին «Ալ Շահպաա» շրջանին մէջ գտնուող Քարմէլիթ Քոյրերու պատկանող վանքին մերձ եղող հողատարածքին մէջ:

 

Այսօր, երբ Հալէպը օրըստօրէ կը վերադառնայ իր նախկին բնականոն հունին, յարմար  նկատուած է վերջին տարիներու ընթացքին այդ «առժամեայ գերեզմանատան» մէջ հանգչողներուն աճիւնները փոխադրել դէպի իրենց վերջնական հանգրուանը՝ Հալէպի Ազգային գերեզմանատուն, ուր նաեւ կը հանգչին Հալէպի հայութեան կեանքին մէջ իրենց ներդրումը ունեցած գործիչներ եւ նուիրեալներ:

 

 Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ կանոնադրութեան համաձայն, հանգչող մեռելները կարելի է տեղէ տեղ փոխադրել թաղման արարողութենէն առնուազն երեք տարի անց, հետեւաբար Հալէպի Ազգային Գերեզմանատուն պիտի փոխադրուին 2013-2014 թուականներուն մահացած մեռելներուն աճիւնները:

 

Լուսանկարը ՝  «Արեւելք»ի