Գերմանիոյ խորհրդարանը (Պունտեսթագ) կը շարունակէ վճռական քայլեր կատարել՝ Օսմանեան շրջանին հայոց սպաննութիւնները որպէս Ցեղասպանութիւն որակելու օրինագիծի ընդունման ուղղութեամբ: Այս մասին կը տեղեկացնէ գերմանական «Bild am Sonntag» պարբերականը, նշելով, որ այս հարցի շուրջ քննարկման ընթացքին խորհրդարանէն ներս սուր վէճեր ծագած են։ Աղբիւրի համաձայն, «101 տարի առաջ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու եւ այլ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու ցեղասպանութեան յիշատակին» անունը կրող օրինագիծի շուրջ քննարկումը պիտի կայանայ 2 Յունիսին: Օրինագծի ծրագիրը պատրաստող Կանաչներու կուսակցութեան փոխնախագահ Ճիմ Էօզտէմիրը ըսած է, որ «այս որոշումը կրնայ Անգարային զայրոյթ պատճառել, սակայն Գերմանիան պիտի չարտօնէ, որ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի նման բռնապետ մը զինք սպառնայ»: Միւս կողմէ խորհրդարանէն ներս Քրիստոնեայ-դեմոկրատական միութեան (CDU) եւ Քրիստոնեայ-սոցիալական միութեան (CSU) նախագահը նկատել տուած է, որ այս օրինագիծը պիտի օգնէ վերատեսութեան ենթարկել վերջին տարիներու դէպքերը եւ հաշտեցման եզրեր գտնել հայերու եւ թուրքերու միջեւ: