image

Ֆալուժայի ճակատամարտը կը յետաձգուի. Տահէշ մտադիր է զինուորագրել 20 հազար երեխայ

Ֆալուժայի  ճակատամարտը կը յետաձգուի. Տահէշ մտադիր է  զինուորագրել  20    հազար երեխայ

Իրաք-(Լրատուական ծառայութիւններ)-Մէկ շաբաթ առաջ սկիզբ առած Տահէշի դէմ պայքարը  իրաքեան «Ալ Ֆալուժա» նահանգին մէջ  յետաձգուած է: Զինուորական  գործողութիւններու  յետաձգման   որոշումը տրուած է   երկրի վարչապետ  Հայտար  Ապատիի  կողմէ,  որ  այցելած է քաղաքի նախաշեմին գտնուող   իրաքեան բանակի    կեդրոնատեղի մը: Ապատի  նաեւ նկատել տուած է, որ  գործողութիւնները կը դադրեցուին՝ նկատի առնելով քաղաքին մէջ  եղող  անզէն բնակչութեան անվտանգութեան հարցը:  Տարբեր լրատուական աղբիւրներ գրած էին, որ  շուրջ   յիսուն հազար անզէն քաղաքայիններ  ներկայիս կը գտնուին Ֆալուժայի մէջ, եւ շատ հաւանական է, որ Տահէշ  զանոնք, որպէս  մարդկային վահաններ կը գործածէ:  Տահէշի աղբիւրներ յայտնած են, որ պայքարի թէժացման պարագային իրենք մտադիր են     քաղաքին մէջ եղող բոլոր երեխաները եւ այլ շրջաններէ   Ֆալուժա  տարուող  շուրջ 20   հազար  երեխաներ  զինուորագրել եւ մասնակից  դարձնել պատերազմական գործողութիւններուն: