image

«Ես Կարօն եմ». Երթ դէպի ՄԱԿ-ի երեւանեան գրասենեակ

«Ես Կարօն եմ». Երթ դէպի ՄԱԿ-ի երեւանեան գրասենեակ

Այս տարուայ 24 ապրիլին Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլանը իր ելոյթի մէջ յարգանքի խօսք ուղղած էր 1915 թուականին Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ իրականացուած Ցեղասպանութեան զոհերուն: Այդ ելոյթէն ետք, խորհրդարանական քննարկման ժամանակ, ան ուղղորդուած ու նախապէս մշակուած յարձակման ենթարկուեցաւ: Անոր հասցէին հնչեցին նաեւ հայ ըլլալու վերաբերեալ հայհոյանքներ ու ցեղապաշտական այլ արտայայտութիւններ: Թրքական ընկերային ցանցերուն մէջ կոչեր հնչեցին Կարօ Փայլանը Հրանտ Տինքի նման սպանելու մասին:
Հայազգի պատգամաւորին աջակցութիւն յայտնելու նպատակով, չորեքշաբթի օր Երեւանի մէջ նախաձեռնուած է դիմում ներկայացնել Հայաստանի մէջ ՄԱԿ-ի գրասենեակին՝ պահանջելով սթափութեան կոչ ընել Թուրքիային ու կատարել իր կողմէ ստանձնած պարտաւորութիւնները: Նամակը պիտի յանձնուի կարճատեւ ցոյցէ ետք: Նախաձեռնող կողմը Ֆէյսպուքեան էջին տարածած ցոյցի մասնակցութեան կոչին մէջ գրած է. «ՄԱԿ-ին պետք է յիշեցնել իրիսկ առաքելութեան մասին ու ստիպել, որ իր անդամ պետութիւններն ալ ընդունին ու իրականացնեն այն պայմանները, որոնք պարտաւորուած են կատարել: Մենք Կարոյի հետ ենք եւ հետեւողական պիտի ըլլանք, որ անոր կեանքին վտանգ չսպառնայ»: