image

Երգահան Ջութակահար Աւօ Տեմիրճեան Հրապարակեց Իր Episode Նոր Ալպոմը

Երգահան Ջութակահար Աւօ Տեմիրճեան Հրապարակեց Իր     Episode   Նոր Ալպոմը

Չորեքշաբթի, 2 մարտ 2016-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած է երիտասարդ ջութակահար եւ երգահան Աւօ Տէմիրճեանի Episode ալպոմի մեկնարկման ձեռնարկը: Ձեռնարկին սկիզբը ջութակահարը ինքզինք ներկայացնելով նշած է, որ ան 26 տարիներէ ի վեր ջութակահար է, երաժշտական աշխարհ մուտք գործած է 5 տարեկանին, իսկ 15 տարեկանէն արդէն սկսած է երաժշտական յօրինումներ կատարել: Տեմիրճեան իր խօսքին մէջ ըսած է, թէ առաջին հանգրուանին ան նուագած է դասական ջութակ, որմէ ետք մասնագիտացած է ելեկտրոնային ջութակի մէջ: Տեմիրճեան ապրած է Ֆրանսա, ապա վերադարձած Լիբանան, որմէ ետք մեկնած է Պոսթըն, ուր վարած է իր համալսարանական կեանքը: Ձեռնարկին ցուցադրուած է  Episode ալպոմէն 2 երգերու ժապաւէններ, որմէ ետք երգահան ջութակահարը նուագով մը ապշեցուցած է ներկաները: Ձեռնարկին ներկայ եղած են լիբանանեան թերթերու, ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի կայաններու թղթակիցներ: Ելոյթի աւարտին Աւօ Տէմիրճեան ներկաները հրաւիրած է 15 ապրիլ 2016-ին Տորայի Demco Steel գործարանի շրջափակին մէջ տեղի ունենալիք բարեսիրական ելոյթին, որուն հասոյթը պիտի տրամադրուի ՀԲԸՄ-ին:Լուրի  աղբիւր՝  «Ազդակ»: