image

Երեւանի Մէջ Վերջին Յարգանք՝ Տիկ. Արաքսի Վիզոյեանին

Երեւանի  Մէջ Վերջին Յարգանք՝ Տիկ. Արաքսի Վիզոյեանին

Երեւանի  Սուրբ Զօրաւոր եկեղեցւոյ մէջ այսօր  հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուած է           երէկ    մահացած  Տիկ.  Արաքսի  Վիզոյեանի  հոգիին համար:  Այս մասին տեղեկութիւնը ստացանք  «Արեւելք»ի մեր աղբիւրէն, որ նաեւ նշեց, թէ հոգեհանգստեան  պաշտօնը  կատարուած է   ողբացեալին  հարազատներուն     կազմակերպութեամբ: Նշենք, որ Վիզոյեան        մահացած էր երէկ  Լիբանանի  Այնճար  հայաւանին մէջ եւ անոր  յուղարկաորութիւնն ու թաղումը կատարուած  են այսօր գիւղին մէջ:   «Արեւելք»  երէկ      հակիրճ  տողերով ներկայացուցած էր     նուիրեալ հայուհիին  գործուէնութիւնը եւ լոյսին բերած    անոր դերը հալէպահայ գաղութէն ներս: Լուսանկարը ՝ Արշակ Գազանճեանի: