Երեւանի մէջ յետ կարճատեւ հիւանդութեան իր մահկանացուն կնքած է Մինաս Գանթարճեան: «Արեւելք» այս մասին տեղեկութուն ստացաւ հանգուցեալին պարագաներէն: Նշենք որ Մինաս Գանթարճեան ծնած էր 1963-ին Հալէպի մէջ: Ան արհեստով գծագրիչ-ձեւաւորող էր, Հալէպի մէջ ունեցած էր իր սեփական տպագրական գործարանը: Գանթարճեան երկար տարիներու վաստակ ունեցած էր նաեւ հալէպահայ թատերական կեանքէն ներս, մասնաւորապէս՝ «Զաւարեան» թատերախումբին մէջ:
