image
Հրատապ լուրեր:

Երէկ Զոհուած Յարութ Կէնտիմեանը Մտադիր Էր Ընտանիք Կազմել Եւ Ապրիլ Հալէպի Մէջ

Երէկ Զոհուած Յարութ  Կէնտիմեանը  Մտադիր Էր    Ընտանիք Կազմել Եւ Ապրիլ Հալէպի Մէջ

Սուրիա-  «Արեւելք»ի տեղեկութիւններով  Հալէպի  մէջ  զոհուած  Յարութ Կէնտիմեան մտադրած էր    ամուսնանալ  եւ    իր ընտանեկան  բոյնը հիմնել  Հալէպի մէջ:    30-Ամեայ  Յարութ, որ    կարճ ժամանակ մը առաջ  նշանուած էր, կը զբաղուէր  ինքնաշարժներու  կտորներու առեւտուրով եւ, հակառակ  երկրի ծանր     պայմաններուն,   վճռած էր    իր    կեանքը շարունակել   Հալէպի մէջ:   Յիշեցնենք, որ Յարութ եւ իր մայրը ՝ Վերա,  զոհուած էին  Քաբրի շրջանին մէջ գտնուած իրենց  տան  (շէնքի 4 -րդ յարկ)  վրայ ինկած հրթիռի մը  հետեւանքով: Երկու հայ  զոհերուն   յուղարկաւորութիւնը կատարուած էր      Հալէպի հայ  Առաքելական  Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: