ISIS Ահաբեկչկան խմբաւորման ելեքդրոնային պարբերականը` DABIQ հրապարակած է ռուսական օդանաւին ջախջախման պատճառ հանդիսացած ռումբին պատկերը: Նոյն լուրին մէջ ISIS-ի մէկ բանբերը յայտնած է, թէ իրենք նպատակադրած էին Սինայի վերեւէն անցնող որեւէ օդանաւ վար առնել, բայց Ռուսիոյ Սուրիոյ մէջ խմբաւորման դէմ եղած գործողութիւններէն ասդին վճռած են թիրախ դարձնել ռուսական օդանաւերը: Բանբերը նաեւ յայտնած է, թէ իրենք յաջողած են ռումբը օդանաւ հասցընել օգտուելէ ետք Շարմ Ալ Շէյխի օդակայանին մէջ եղած ապահովական «թոյլ կէտէ» մը: Նշենք, որ ռուսական օդանաւի ջախջախման հետեւանքով զոհուած էին 224 անմեղ քաղաքացիներ: