image

Այսպէս սպաննուեցաւ Մուսթաֆա Պատըր Ալ-Տինը

Այսպէս սպաննուեցաւ Մուսթաֆա Պատըր Ալ-Տինը

Լիբանանեան «Ալ-Նահար» օրաթերթը որոշ մարմիններէ վերահասու դարձած է «Հըզպալլա»ի ռազմական առաջնորդ Մուսթաֆա Պատըր Ալ-Տինի սպաննութեան հանգամանքներուն մասին: «Նահար»ի համաձայն, Պատըր Ալ-Տին իր սպաննութեան գիշերը կը պատրաստուէր քնանալ կուսակցութեան կեդրոններէն մէկուն մէջ, որ կը գտնուէր Դամասկոսի Միջազգային օդակայանի շրջակայքը: Մինչ ան կը հանգստանար եւ կլկլակ կը ծխէր, ընդդիմադիր ուժերու զինեալները կեդրոնը հրթիռային  արկերու թիրախ դարձուցած էին, ինչի հետեւանքով փլուզուած էր կեդրոնի սենեակներէն մէկուն մէկ պատը, որուն մէջ կը գտնուէր Պատըր Ալ-Տինը: Ինչպէս կը հաղորդուի, Պատըր Ալ-Տին վնասուածք չէր ստացած, սակայն արձակուած հրթիռի բեկորներէն մէկը մտած էր անոր վիզէն եւ տեղնուտեղը սպաննած, իսկ  անոր թիկնապահներէն մէկն ալ մեղմօրէն վիրաւորուած էր:

Տեղեկատուները նաեւ կ'աւելցնեն, որ Պատըր Ալ-Տինը դիպուածով մահացած էր եւ կուսակցութեան կեդրոնը թիրախաւորող կողմը տեղեակ չէր Պատր Ա-Տինի այդտեղ գոյութեան մասին: