Երէկ գիշեր հերթական անգամ լարուած իրավիճակ եղած է Տաւուշ մարզի սահմանային հատուածին։
Ըստ վերջին տուեալներուն, ատրպէյճանցի 100 զինուորներ մասնակցած են Տաւուշի սահմանային «Անվախ» անունով յայտնի հայկական դիրքի գրաւման փորձին։
Կը նշուի նաեւ, որ ատրպէյճանեան այս հերթական սադրանքը աւարտած է ձախողութեամբ եւ թշնամին կրած է զոհեր, ինչպէս նաեւ ոչնչացուած են թշնամիին պատկանող ռազմական կառքեր։
Նշենք, որ այս տեղեկութիւնները ներկայացուցած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ այսօր առաւօտ տեղի ունեցած կառավարութեան հերթական նիստին ընթացքին։
Վարչապետը նաեւ շեշտած է, որ հայկական կողմը մարդկային կորուստներ չունի։
Յիշեցնենք, որ ինչպէս աւելի վաղ «Արեւելք» գրած էր, որ այս պահու դրութեամբ զգուշաւոր հանդարտութիւն կը տիրէ Տաւուշի սահմանի ամբողջ երկայնքով։