Արժանթին- («Ասպարէզ»- Լոս Անճելոս) Տնտեսագէտ Քարլոս Մելքոնեան Չորեքշաբթի, 23 Դեկտեմբերին նշանակուած է Արժանթինի Ազգային դրամատան տնօրէն։Արժանթինի նորընտիր նախագահ Մաուրիսիօ Մաքրիի կողմէ այս պաշտօնին նշանակուած Մելքոնեան յայտարարած է, թէ Ազգային դրամատունը այսուհետեւ աւելի ուշագրաւ դերակատարութիւն պիտի ունենայ երկրի տնտեսութիւնը զարգացնելու ջանքերուն մէջ։Նշենք, որ Մելքոնեան 80-ականներուն աշխատած է Արժանթինի Կեդրոնական դրամատան մէջ եւ ապա խորհրդատուական սպասարկութիւններ մատուցած է Համաշխարհային դրամատան։