image
Հրատապ լուրեր:

Արսէն Աւագեան Այցելած է «Մարմարա»ի Խմբագրատուն

Արսէն Աւագեան Այցելած է «Մարմարա»ի Խմբագրատուն

Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան  այցելած է Պոլսոյ «Մարմար»ի խմբագրատուն եւ  ընդունած թերթի խմբագիր  Ռոպէր Հատտէճեանի կողմէ: Հայրենի դիւանագէտը  իր այցելութեան ժամանակ տեղեկութիւններ հաղորդած է արեւմտահայերէնի ի նպաստ վերջերս կատարուած աշխատանքներուն ու նախաձեռնութիւններուն մասին: Աւագեան,  Հայաստանի Պետական Համալսարանի հայոց լեզուի ամպիոնէն ներս կատարուած ուսումնասիրութիւններու մասին ծանօթացնելով, դիտել տուած է, որ լեզուի ամպիոնէն ներս թէքնիք վերջին զարգացումները պատճառ հանդիսացած են, որ արեւմտահայերէնի մէջ բառապաշարի, հոլովման կամ խոնարհման կարգերուն մէջ փոփոխութիւններ նախատեսուին: Աւագեան նաեւ տուեալներ փոխանցած է արեւմտահայերէնի մասին հրատարակուած բոլոր այն գիտական ուսումնասիրութիւններուն եւ դասագիրքերուն մասին, որոնք հրատարակուած են վերջին 15 տարիներու ընթացքին: Նշենք, Արսէն Աւագեան քաղաքագէտ է, ան բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններու եւ գիրքերու հեղինակ է: Երկար ժամանակ պաշտօնավարած ըլլալով Սփիւռքի մէջ եւս, քաջատեղեակ է Սփիւռքի դիմագրաւած հարցերուն, որոնց շարքին յատուկ տեղ կը գրաւէ արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան հարցը: