Ամերիկեան «The New York Times» թերթը անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղի Խծաբերդ գիւղին՝ հրապարակելով լուսանկարչուհի Անահիտ Հայրապետեանի աշխատանքները: «The New York Times»-ը գրած է, որ լուսանկարչուհին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ գտնուող իր հայրենի գիւղի հետ կապը պահպանելու համար ուր ալ եղած է, միշտ փորձած է Skype-ի միջոցաւ միանալ գիւղը ապրող իր տատին հետ եւ տեղեկանալ ընտանիքի եւ գիւղական առօրեայի մասին:
34 ամեայ լուսանկարչուհի Հայրապետեանը իր գիւղին մասին ըսած է. «Եթէ երթաք հոն, կը գիտնաք, թէ ով եմ ես եւ՝ ինչու այսպիսին եմ: Խծաբերդը գեղեցիկ հանգստավայր չէ: 40 ընտանիքէ բաղկացած փոքր գիւղ է՝ իրար չափազանց մօտ գտնուող հին տուներով: Եկեղեցին այրած է եւ երբեք չէ վերակառուցուած...»:
«The New York Times»-ը նաեւ պատմած է ղարաբաղեան պատերազմը սկսելու եւ 1994-ին կնքուած հրադադարի մասին, յիշեցնելով անցած ամիս կրկին աշխուժացած ռազմական գործողութիւններու մասին:
Անահիտ Հայրապետեանը նշած է, որ չնայած ինք ծնած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, բայց մեծցած է Աբովեան: Ամառները այցելած է տատի տուն եւ այնտեղ անցուցած իր դպրոցական արձակուրդները: Ան 1988-ի պատերազմի ժամանակ գիւղը եղած է, ուր շատ տուներ աւերուած են եւ սպաննուած են Խծաբերդէն եօթ երիտասարդներ: Գիւղացիները վիշտի մէջ եղած են: «Հինգ տարի երաժշտութիւն չէր հնչեր, նոյնիսկ՝ հարսանիքի ժամանակ: Ամէն շաբաթ ամբողջ գիւղը կ'երթար գերեզման, եւ միակ բանը, որ կը լսուէր՝ կանանց լացի ձայնն էր», կը պատմէ Հայրապետեանը:
Ան 2005 թուականէն սկսած է լուսանկարել Խծաբերդը եւ շրջակայ գիւղերը: Իր ծանօթները ըլլալով հանդերձ, երբեմն ան կը դժուարանայ նկարել գիւղի մարդոց. «Այնքան կորուստ ու ցաւ կայ ամէն ընտանիքի պատմութեան մէջ», կ'ըսէ Հայրապետեան: Անահիտ նաեւ ըսած է, որ եթէ ընտրութեան առիթ ունենար, կ'ապրէր Խծաբերդի մէջ, ուր իրեն ծանօթ են բոլորի անունները եւ անոնց նախնիներու պատմութիւնները:
Նիւթի աղբիւր՝ «Ասպարէզ»