Միացեալ Նահանգներ երէկ հաղորդագրութեամբ մը յայտարարեց, երկու Լիբանանցի քաղաքական գործիչներու դէմ հրապարակուած պատիժներու լուրը։
Աղբիւրը նշեց, որ նախկին նախարարներ՝ Եուսէֆ Ֆընեանոս (փոխադրութեան նախարար) եւ Ալի Հասան Խալիլի (ելեւմուտքի նախկին նախարար) անունները ներգրաւուած են ամերիկեան «սեւ ցուցակ»ին մէջ։
Լիբանանցի երկու հանրայայտ գործիչները կը մեղադրուին իրենց պաշտօնները չարաշահելով «Հըզպալլա»ին նեցուկ կանգնելու մեղադրանքով։
Ըստ Պէյրութեան ԶԼՄ-ներու երկու գործիչներուն ունեցուածքին եւ կալուածներուն վրայ արդէն իսկ կալանք դրուած է։
Յիշեցնենք, որ ԱՄՆ-ի կողմէ այս կարգադրութիւնները գործի կը դրուին «Հըզպալլա»ի դէմ վերջինիս շղթայազերծած պայքարին ծիրին մէջ։