Թուրքիա- («Տէյլի Սապահ»-Պոլիս) Ըստ «Տէյլի Սապահ»ին, Կիւլէնեան շարժումին հետ կապ ունեցող 17 մեղադրեալներ, որոնց մէջ կան ոստիկանապետեր, ձերբակալուած են երկուշաբթի առաւօտ կանուխ, որպէս մաս «զուգահեռ պետութիւն» գործողութեան, Իզմիր հարաւային նահանգին մէջ, ուր 44 կասկածելիներ ձերբակալուած էին Նոյեմբեր 3-ին: Կասկածեալները ձերբակալուած են «իրենց իրաւական իշխանութենէն դուրս գործելուն» համար, առնչութիւն ունենալով 2012-ի լրտեսութեան դէպքին, ուր ներգրաւուած էին թրքական ռազմական ուժերէն անդամներ: Վերոյիշեալ ձերբակալուածներու մէջ էին Ալի Պիլքէյ` Իզմիրի ոստիկանապետը (10 Նոյեմբեր 2011-էն մինչեւ 12 Փետրուար 2014), Մէհմէտ Ալի Չէվիկ՝ նախկին պատգամաւոր ոստիկանութեան ղեկավարներու հանցագործութեան միաւորի եւ տեսուչներ՝ Ֆէրտա Իլէրի եւ Ահմէտ Քայա: Ըստ կառավարութեան, «զուգահեռ պետութիւն»ը կը վերաբերի դատական եւ ոստիկանութեան ոլորտի պատկանող երկրի համալսարաններու մէջ գործող կարծեցեալ խումբ մը պիրոքրաթներու եւ աւագ պաշտօնեաներու, որոնք ըստ պարբերականին կը փորձեն քայքայել երկրի օրինապահ կառավարութիւնը: