Զուիեցերիոյ Հայց. Առաքելական Եկեղեցին օրերս օժտուած է նոր ծուխով մը։
Այս մասին վերահասու դարձան Զուիցերիոյ Առաջնորդարանի Դիւանէն, որ այս առթիւ ալ հրապարակած է կարճ հաղորդագրութիւն մը ՝
Ընտրուեցաւ Նէոշաթելի եւ շրջանի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ նորաստեղծ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի 7 անդամները։
Կիրակի 28 Նոյեմբեր 2021-ին՝ Նախագահութեամբ եւ օրհնութեամբ Զուիցերիոյ Առաջնորդական Տեղապահ՝ հոգշ. Տ. Գուսան Վարդապետ Ալճանեանի, Նէոշաթելի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ խաղաղական եւ հանգստեան ժամերգութենէ յետոյ ժամը 17:00-ին, գումարուեցաւ ընդհանուր անդամական ժողով։ Ժողովի օրակարգի համաձայն ընթերցուեցաւ նոր Ծուխի կանոնադրութիւնը եւ ապա կատարուեցաւ նոր Ծուխի նորընտիր 7 անդամներու ընտրութիւնը։ Ժողովի աւարտին Հոգեշնորհ Հայր սուրբը նախ շնորհաւորեց Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ նոր ընտիր անդամները եւ ապա Պահպանիչ աղօթքով օրհնեց զանոնք։