image
Հրատապ լուրեր:

Աթէնք. Գերշ. Տ. Խորէն եպս. Նախագահեց Թեմական Անդրանիկ Ժողովին

Աթէնք. Գերշ. Տ. Խորէն եպս. Նախագահեց Թեմական Անդրանիկ Ժողովին

Նախագահութեամբ Թեմակալ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Խորէն եպս. Առաքելեանին Աթէնքի մէջ գումարուած է Թեմական Խորհուրդի անդրանիկ նիստը։ 

Ստորեւ այդ մասին տարածուած հաղորդագրութիւնը՝ 

04 Փետրուար 2026-ին Յունահայոց Առաջնորդարանին մէջ, Թեմի Առաջնորդին նախագահութեամբ, գումարուեցաւ Թեմական Խորհուրդի 2026 տարուան անդրանիկ նիստը։ Նիստը բացուեցաւ տարեգաթայի բաշխման գեղեցիկ եւ խորհրդանշական աւանդոյթով՝ որպէս նշան, որ նոր տարուան աշխատանքները կը մեկնին Աստուծոյ օրհնութեան ներքոյ։

Ժողովին ընթացքին քննարկուեցան գալիք ժամանակաշրջանի առաջնահերթ անելիքները, ձեւաւորուեցան 2026 տարեշրջանի աշխատանքային ռազմավարութիւնները, եւ առանձնակի ուշադրութեան կեդրոնին մէջ էին թեմի տնտեսական հարցերու արդիւնաւէտ ու պատասխանատու կառավարման ուղիները։

Թեմական Խորհուրդը վերահաստատեց իր յանձնառութիւնը՝ շարունակելու ծառայութիւնը եկեղեցւոյ եւ համայնքի հոգեւոր, կազմակերպչական եւ ընկերային զարգացման նպատակի համար։