image

«Ժպտող ընկճուածութիւն»ը (Depression) կ՚ողողէ Լիբանանը

«Ժպտող ընկճուածութիւն»ը (Depression) կ՚ողողէ Լիբանանը

Սոյն խորագրութեամբ յօդուած մը, 18 Մարտ 2024-ին տեղադրուած է Լիբանանեան «Էմ.Թի.Վի» լրատուամիջոցի կայքէջին մէջ, լրագրող՝ Քրիսթէլ Ալնաուարի ստորագրութեամբ։ Ան կ՚ամփոփէ հոգեբան՝ Դոկտ. Լէա Սաուայա-Ուասըֆի, «Էմ.Թի.Վի» կայքին հետ կատարած հարցազրոյցի ընթացքին արտայայտած գլխաւոր մտքերը։ Յօդուածը արաբերէնէ թարգմանաբար կը ներկայացնենք։

«Մենք շատ լսած ենք կարգ մը դրական մարդոց մասին, որոնք միշտ ժպտուն եւ զուարթ եղած են, եւ զարմացած ենք երբ տեղեկացած ենք, թէ անձնասպանութեամբ մահացած են։ Մեր հայեցակէտով, ընկճուածութիւնը ունի որոշ ակնյայտ դրսեւորումներ, որոնք հասկնալի կը դառնան կարգ մը ախտանշաններու միջոցով։ Այս այն ծուղակն է, որուն մէջ մեզմէ շատեր կ՚իյնան, մասնաւորաբար, վերջին տարիներուն, քանի որ վտանգաւոր երեւոյթ մը ներխուժած ու թափանցած է մեր հասարակութենէն ներս»։                                                                                                                              

                                                               Քրիսթէլ Ալնաուար 

 

«Ժպտող կամ զուարթ ընկճուածութիւն»ը նոր երեւոյթ մը չէ, բայց ան անընդհատ աճման ընթացքի մէջ է, եւ անկէ տառապողը կ՚ունենայ այնպիսի զգացողութիւն մը, որ կարծէք, թէ կը քալէ ականապատ դաշտի մը մէջ: Քանի որ լիբանանցիներուն զգալի մասը կ՚ապրի իրականութեան ժխտման վիճակի մէջ, ըստ հոգեբան եւ համալսարանի դասախօս Դոկտ. Լէա Սաուայա-Ուասըֆի «Այդ կրնայ կապուած ըլլալ ա՛յս տեսակի ընկճուածութեան հետ», յատկապէս երբ հոգեկան եւ մտային առողջութիւնը կը սկսի անկում կրել:

Դոկտ. Լէա Սաուայա կը շարունակէ ըսելով, թէ դժուար է «Ժպտող ընկճուածութիւնը» ախտորոշելը, քանի որ ընճուածութեան ախտանշանները յստակ չեն երեւիր, ուստի անհատը կը ժխտէ զայն եւ չի գիտակցիր իր հետ պատահածին տարողութիւնը: 

Ըստ Դոկտ. Սաուայային.«Այստեղ կը կայանայ վտանգը, քանի որ անոնք թաքուն կը տառապին ընկճուածութենէ, փորձելով պահել զայն, ձեւացնելով, թէ կ՚ապրին յաջողակ եւ երջանիկ կեանքով մը։ Առանց ոեւէ մէկուն տեղեկացնելու, անոնք առանձինն կը փորձեն դիմակայել ցաւին եւ երբեմն կ՚ունենան անձնասպանական եւ ինքնավնասման մտքեր»:

Դոկտ. Սաուայա կը շեշտէ այս վիճակին վտանգաւոր ըլլալը, քանի որ անհատը այդ տխրութեամբ կ՚ապրի ինքն իր մէջ փակուած, բայց արտաքին աշխարհին եւ ընկերութեան մէջ «դիմակ» կը կրէ՝ բնական եւ ուրախ ձեւանալով, եւ մեծ ջանք կը գործադրէ իր ամենօրեայ ու սովորական գործերը կատարելու համար։

Ըստ հոգեբանին՝ ոչ միայն մտերիմները, այլեւ ինքը՝ անհատը կրնայ տեղեակ չըլլալ, որ կը տառապի  «Ժպտող ընկճուածութենէ», որ հետեւանքն է իր ապրած իրականութեան ժխտումին: Ճնշումներու կուտակման հետ մէկտեղ ի յայտ կու գան մարմնահոգեբանական ախտանշաններ, ինչպէս՝ մարմնի տարբեր հատուածներու ցաւեր, առանց որեւէ կենսաբանական՝ ֆիզիքական պատճառի, քանի որ պատճառը հոգեբանական է: Անհատը երբ հասնի ընկճուածութեան յառաջացած աստիճանի, կը զարմանայ եւ չի հասկնար, թէ ինչու իր մտքերը սկսան փոխուիլ։ Այդ մտքերը սովորաբար կ՚ըլլան բացասական եւ ինքզինք վնասելու գաղափարներ:

Ի՞նչն է, որ ալ աւելի կը բարդացնէ «Ժպտող ընկճուածութեան» վտանգը։ Դոկտ. Սաուայա կը նշէ. «Այդ անհատին ապրած միջավայրին գործօնն է։ Կարգ մը մշակոյթներ, ընկերութիւններ, ընտանիքներ հիմնարար պատճառ կը դառնան, արգիլելով կամ անկարող դարձնելով անհատին արտայայտելու իր ընկճուածութիւնը կամ առողջ ձեւով ապրելու իր տխրութիւնը։ Հետեւաբար կան տարբեր հանգամանքներ, որոնք կրնան կառավարել անհատը եւ զինք կը ստիպեն, որ ան ի վիճակ չըլլայ արտայայտելու իր զգացմունքները։ Ուրեմն, մարդիկ այլ ելք չեն ունենար, բացի շարունակելու իրենց կեանքը, փորձելով հոգեկան իրենց վատ վիճակէն աւելի ուժեղ ըլլալ»։ 

Ան կը շարունակէ, նշելով ընկճուածութեան ցուցնիշներն են. «Թմրութիւնը, յոգնածութիւնը, կեդրոնացման բացակայութիւնը, մոռացկոտութիւնը, անքնութիւնը կամ անկանոն կերպով քնանալը կամ շատ քնանալը, մարմնի կշիռքի փոփոխութիւնը, ախորժակի խանգարումը, ամենապարզ բաներն ընելու անկարողութիւնը, շուրջը պատահածներուն նկատմամբ հետաքրքրութեան բացակայութիւնը»: Դոկտ. Սաուայա կ՚ըսէ, թէ անհատը իր ապրումները կը փորձէ թաքցնել, որոնք սակայն կրնան երբեմն ի յայտ գալ զայրոյթի յանկարծակի պոռթկումներու ձեւով, կամ անկառավարելի մտատանջուածութեան ձեւով եւ երբեմն ալ վտանգաւոր վարքագիծի տեսքով:

Ի՞նչ կը վերաբերի բուժման: Դոկտ. Սաուայա կը շեշտէ. «Որքան ուշանայ ընկճուածութեան ախտորոշումը, այնքան երկար կը տեւէ անկէ բուժուիլը ու կը բարդանայ անհատին վիճակը, նամանաւանդ որ այս տեսակի ընկճուածութեան ախտորոշումը շատ աւելի դժուար է միւսներէն»: Ան կը մատնանշէ, թէ անհրաժեշտ է մասնագէտ հոգեբանի օգնութիւնը ստանալ իսկ կարգ մը պարագաներ կրնան կարիգը ունենալ հոգեբոյժի կողմէ նշանակուած դեղերու։

Ուշադիր եղէք ձեր մտերիմներուն եւ հարազատներուն, նոյնիսկ եթէ անոնք ըսեն, որ լաւ կը զգան:

Թարգմանեց՝ Նայիրի Տաղլեան

 

Նայիրի Տաղլեան

Նայիրի Տաղլեան

Լիբանանահայ մանկավարժ, գրող, մշակութային եւ հ...