Ժաննա Անդրէասեան ՀՀ նախագահի հրամանագրով նշանակուաղ է ԿԳՄՍ նախարար:
Հրամանագրին մէջ ըսուած է. «Հիմք ընդունելով վարչապետի առաջարկութիւնը` համաձայն Սահմանադրութեան 131-րդ յօդուածի, ինչպէս նաեւ «Կառավարութեան կառուցուածքի եւ գործունէութեան մասին» օրէնքի 5-րդ յօդուածի 1-ին մասի.
Ժաննա Անդրէասեանին նշանակել կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սպորտի նախարար»:
Յիշեցնենք, որ նախօրէին հրաժարական տուած էր ԿԳՄՍ նախարար Վահրամ Դումանեան: Իսկ արդէն այսօր Ժաննա Անդրէասեանն ազատուած էր ԿԳՄՍ փոխնախարարի պաշտօնէն: