image
Հրատապ լուրեր:

«Ժամանակն է ստեղծել Թուրանական բանակ». Թուրք նախկին զօրապետ

«Ժամանակն է ստեղծել Թուրանական բանակ». Թուրք նախկին զօրապետ

«Ծովային եւ համաշխարհային ռազմավարութիւններու ուսումնասիրութեան թրքական կեդրոնի» նախագահ, ռազմածովային ուժերու շտաբի նախկին պետ ծովակալ Ճիհատ Եայճըն Ղազախստանի մէջ ստեղծուած իրավիճակի ծիրին մէջ յայտարարած է, որ անյապաղ անհրաժեշտ է կազմաւորել «Թուրանական բանակ»։ 

Անդրադառնալով Ղազախստանի ռազմավարական կառոյցներու ՀԱՊԿ-ի ուժերու տեղակայման՝ Եայճըն նշած է, որ Ղազախստանի ապագայի եւ թրքական աշխարհի համալրման տեսանկիւնէն այդ անհանգստացնող խնդիր է:

Ան մատնանշած է Ռուսաստանի համար Ղազախստանի կարեւոր նշանակութիւնը՝ ընդգծելով, որ այդ երկրին մէջ ընկերա-քաղաքական որեւէ փոփոխութիւն կրնայ վտանգել Ռուսաստանի բազմաշերտ շահերը եւ ապագայի տեսլականը:

Թուրք ծովակալին կարծիքով՝ Ղազախստանի մէջ զարգացումները ցոյց տուին, թէ որքան կարեւոր է թրքախօս պետութիւնների ընկերա -տնտեսական համալրման: Սակայն անոնք նաեւ դարձան ցուցիչ, թէ որքան անհրաժեշտ է ռազմական ոլորտին մէջ համագործակցութիւնը եւ պաշտպանական նշանակութեան կառոյցի ստեղծումը:

Ան առանձին անդրադարձած է նաեւ Ղազախստանի մէջ ՀԱՊԿ առաքելութեան շրջանակներուն մէջ հայկական զինուժի մասնակցութեան՝ զայն որակելով, որպէս «զարգացում, որմէ ամբողջ թրքական աշխարհը պէտք է դաս քաղէ»: