image

Զելենսքին Ատրպէյճանը հրաւիրած է մասնակցելու «խաղաղութեան բանաձեւ»ին

Զելենսքին Ատրպէյճանը հրաւիրած է մասնակցելու «խաղաղութեան բանաձեւ»ին

Ուքրանիան ուրախ կ՚ըլլայ, եթէ Ատրպէյճանը մասնակցի «խաղաղութեան բանաձեւ»ին. այս մասին Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին յայտարարած է փետրուար 25-ին, Քիեւի մէջ կայացած մամուլի ասուլիսին՝ պատասխանելով ատրպէյճանական Report լրատուական գործակալութեան աշխատակցի հարցին։

Այս մասին գրած է eadaily.com-ը:

«Ատրպէյճանը կը պաշտպանէ Ուքրանիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը: Ատրպէյճանը ինքնիշխան իրաւունքներու եւ խաղաղութեան կողմնակից է: Ի հարկէ, մենք ուրախ կ՚ըլլանք, որ Ատրպէյճանը հնարաւորութեան պարագային մասնակցի խաղաղութեան բանաձեւին»,-ըսած է Զելենսքին։

2023 թուականի սկիզբը Վլատիմիր Զելենսքիի ներկայացուցած «խաղաղութեան բանաձեւ»ը կը ներառէ ռուսական զօրքերու ամբողջական դուրսբերում, 1991 թուականի սահմաններուն Ուքրանիոյ տարածքային ամբողջականութեան վերականգնում, բոլոր գերիներու ազատ արձակում, միջուկային, պարէնային եւ բնապահպանական անվտանգութեան ապահովում։