Ատրպէյճանը կը փորձէ շանթաժի ենթարկել ե՛ւ Հայաստանին, ե՛ւ Ռուսաստանին անով, որ, միակողմանի գործողութիւններ կը ձեռնարկէ այն պատրուակով, որ սահմանազատում եւ սահմանագծում չէ եղած: Այս մասին Արցախի հանրային հեռուստատեսութեան տուած հարցազրոյցի ժամանակ յայտարարած է ՌԴ Պետական Տումայի պատգամաւոր Կոնստանտին Զատուլինը:
Անոր խօսքով, Պաքուն կը ձգտի, որ ներկայիս Հայաստանի ղեկավարութիւնը եւս մէկ քայլ կատարէ եւ հրաժարի Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն որեւէ աջակցութենէ: «Յուսամ՝ այդ տեղի չունենար»:
«Այն, ինչ մենք կ'ակնկալենք Հայաստանէն եւ Լեռնային Ղարաբաղէն, այն է, որ անոնք վերականգնուելու ուժ գտնեն: Դուք գիտէք, որ այսօր Ռուսաստանը տարբեր քայլեր կը ձեռնարկէ, կը զբաղի սպառազինութեան մատակարարմամբ, որ արդէն առաջացուցած է Ատրպէյճանի նախագահի դժգոհութիւնը: Ռուսաստանը նոր վերացուցած է Գորիս-Կապան ճանապարհը փակելու խնդիրը: Այսօրուայ հաղորդագրութիւնները ցոյց կու տան, որ ճանապարհը ազատ է անցնելու համար»:
Խօսելով հայ-ատրպէյճանական սահմանին տիրող իրավիճակի մասին՝ Զատուլինը նշած է, որ «եթէ կատարուի ակնյայտ յարձկողական գործողութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ, ապա կը գործեն Ռուսաստանի եւ ՀԱՊԿ անդամ այլ երկիրներու դաշնակցային պարտաւորութիւնները, որոնք, ինչպէս գիտէք, պարտաւորուած են պաշտպանել անդամ երկիրներէն մէկուն տարածքը՝ անոր դէմ յարձակման պարագային»: Անոր խօսքով, եթէ Ատրպէյճանի կամ Թուրքիոյ կամ որեւէ մէկու գործողութիւնները Հայաստանի դէմ ձեռք բերեն ռազմական յարձակման բնոյթ, Ռուսաստանը ստիպուած կ'ըլլայ, հակառակ Ատրպէյճանի կամ տարածաշրջանի մէջ մէկ ուրիշի հետ լաւ յարաբերութիւններուն, ցոյց տալ իր հաւատարմութիւնը դաշնակցային պարտաւորութիւններուն: Միշտ այդպէս ըրած է Ռուսաստանը»:
Ան նշած է, թէ չի հաւատար, որ Ռուսաստանը պիտի հեռանայ Լեռնային Ղարաբաղէն: «Ես չեմ հաւատար, որ այդ տեղի կ'ունենայ... Ես վստահ եմ, որ իրականութեան մէջ, սա իմ անձնական տեսակէտն է, որ խաղաղապահութեան տրամաբանութեան տեսանկիւնէ՝ երկու կողմերու՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի համաձայնութեամբ տարածաշրջան մուտք գործած խաղաղապահներու դուրսբերումը նոյնպէս հնարաւոր է՝ Ռուսաստանին, որպէս այս խաղաղարար գործողութիւն իրականացնող երկիր, համատեղ դիմումի հիման վրայ... Կը հաւատաք, թէ ոչ, ես վստահ եմ, որ Ռուսաստանի Դաշնութիւնը լրջօրէն եկած է տարածաշրջան եւ երկար ժամանակով։ Եւ Ռուսաստանի Դաշնութիւնը կը կարողանայ բացատրել, այդ շարքին՝ Ատրպէյճանին, հաւանաբար եւ Թուրքիոյ, այստեղ իր ներկայութեան անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի պատերազմը չվերսկսի»,- ըսած է քաղաքական գործիչը՝ ընդգծելով, որ ռուս խաղաղապահներու կեանքին ինչ-որ կերպ սպառնալու պարագային, կը հետեւի Ռուսաստանի արձագանգը:
Անոր խօսքով՝ «Թուրքիան յայտարարեց Կովկասի մէջ իր ներկայութեան պահանջներու մասին, եւ սա մեզմէ առաջ տեղի ունեցածի հիմնական բացասական արդիւնքն է»: Ան նշած է, որ ռուս-թրքական դիտորդական այս կեդրոնի գործունէութիւնը, այո, ռուսական կողմի ստիպուած որոշումն է: «Ի վերջոյ, Թուրքիան ի սկզբանէ կը պնդէր ըլլալ խաղաղապահ զօրախումբի կազմին մէջ: Փութինը յաջողեցաւ ապացուցել, որ Թուրքիոյ ներկայութիւնը, որ, ինչպէս գիտենք, մեղաւոր է եւ չէ զղջացած Հայոց ցեղասպանութեան համար, միայն լարող գործօն է, որ կը խաթարէ խաղաղ գործընթացը: