10 Օգոստոսին ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասը, ՀՀ ԶՈՒ պատրաստութեան գլխաւոր վարչութեան պետ – ԶՈՒ ԳՇ պետի տեղակալ, զօրավար-լեյտենանտ Անդրանիկ Մակարեանի եւ շարք մը սպաներու ուղեկցութեամբ, այցելած է հանրապետութեան հարաւարեւմտեան սահմանագօտի, կը տեղեկացնէ ՊՆ մամուլի ծառայութիւնը։
ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարը, մասնաւորապէս, եղած է Երասխի հատուածին տեղակայուած մարտական յենակէտի մէջ, ծանօթացած է սահմանային իրավիճակին։
Սթանիսլաւ Զասին ներկայացուած են ատրպեճանական ԶՈՒ ստորաբաժանումներու կողմէ իրականացուած՝ նախորդ քանի մը շաբաթներու հրադադարի խախտումներու դէպքերը:
ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարը հետեւած է յենակէտին մէջ իրականացուող մարտական հերթապահութեան, զրուցած է զինծառայողներու հետ։
Սթանիսլաւ Զասն այցի ընթացքին պատասխանած է նաեւ լրագրողներու հարցերուն՝ ներկայացնելով ՀԱՊԿ դիրքորոշումը ստեղծուած իրավիճակի եւ լարուածութիւնը թուլացնելուն միտուած միջոցառումներու վերաբերեալ։ ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարը նշած է, որ հայ-ատրպեճանական սահմանային իրադրութեան խաղաղ, քաղաքական կարգաւորման հնարաւորութիւնները սպառած չեն եւ անհրաժեշտ է հետեւողականօրէն շարունակել աշխատանքերն այդ ուղղութեամբ։
Այնուհետեւ ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարն այցելած է նաեւ «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն, ծաղիկներ խոնարհած է Հայրենիքի պաշտպանութեան համար զոհուած զինծառայողներու շիրիմներուն։
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսվել