image

«Զարմանք եւ խորհուրդ».Գրիգոր Դերձակեան կը պատմէ դէպի Մարաքէշ իր ճամբորդութեան մասին

 «Զարմանք եւ խորհուրդ».Գրիգոր Դերձակեան  կը  պատմէ դէպի Մարաքէշ իր ճամբորդութեան մասին

  Գանատահայ մեր հայրենակից՝ Գրիգոր Դերձակեան  նաեւ իր աշխատանքին բերումով    հետաքրքրական ճանապարհորդութիւններու մասին կը գրէ։ Ստորեւ  անոր կողմէ   անգլերէն  թարգմանուած   նիւթը ուշագրաւ պատում մըն է,  վերջինիս  դէպի Մարոք    կատարած  այցելութեան մասին։

 Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ գրառումը, «Արեւելք»ի ընթերցողներուն յիշեցնելով, որ Դերձակեան, որպէս   բուսաբանական մեծ կեդրոնի մէջ աշխատող մասնագէտ,  ունի կարեւոր ձեռքբերումներ եւ  Գանատայի ամբողջ կտրուածքով ձեռք բերած է   մեծ յաջողութիւններ։

 

Դերձակեան կը գրէ ՝ «Մարոքի Մարաքէշ  քաղաքին  մէջ գտնուող Սաատեան թագաւորական դամբարանները ամէնէն զարմանալի բաներէն են, որ ես երբեւիցէ տեսած եմ: Դարերէ ի վեր անոնք պահուած եղած են Քասապէ մզկիթի գաղտնի պատին ետեւը եւ յայտնաբերուած են միայն 1917-ին, երբ օդանաւ մը կը լուսանկարէր հին քաղաքը: 

Այս սեփական գերեզմանատունը կը ներկայացնէ աշխարհի ամէնէն գեղեցիկ գերեզմաններու յատուկ ճարտարապետութիւն մը: 16-րդ դարուն, Սուլթան Ահմէտ Ալ Մանսուր կառուցած է այս շքեղ դամբարանային համալիրը իր ընտանիքին եւ ազնուականներուն համար: Ան որեւէ ծախս չէ խնայած. ներմուծած է իտալական Քարարա մարմարը, ծեփել տուած է զուտ ոսկիով մեղրախորիսխի ձեւով «մուքարնաս»ները, գաճաքարերը փորագրուած են, նաեւ սալիկները խնամքով պատրաստուած Զելիժ խճանկարչական ոճի ձեռային նախշներով ։ 

Սուլթան Ալ Մանսուր մահացած է 1603 թուականին, բայց տասնամեակներ ետք ալաուի սուլթան Մուլայ Իսմայիլ պատած է Սաատեան այս դամբարանները,  իր նախորդները աչքէ եւ մտքէ հեռու պահելու նպատակով: Այս բոլորը պահուած էր Քասապէ մզկիթին ետեւը մինչեւ 1917 թուական երբ այն գտնուեցաւ օդային լուսանկարչութեան ժամանակ: Դամբարանին ամէնէն փառաւոր մասը Ալ Մանսուրի եւ անոր որդիներու վերջին հանգրուանի բաժինն է: 

Այսօր Սաատեան դամբարանները տեսարժան գանձեր են, եւ ես պատիւը ունեցայ այցելելու  այդ   պատմական վայրը  2019 թուականին: 

 

Լուսանկարները՝ հեղինակի դիմատետրեան էջէն