Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտութիւնը, օրերս նշած է Լիբանանի Անկախութեան տօնը, որ այս տարի իւրայատուկ նշանակութիւն ունեցած է, նկատի ունենալով երկրին մէջ տիրող աննախընթաց տագնապալի, պատերազմական վիճակը, մեծաթիւ զոհերու եւ աւերածութիւններու պատճառած վիշտը։
Այս առթիւ, որպէս պատգամ, աշակերտութեան կոչ եղած է աշխոյժ մասնակիցը դառնալու Լիբանանի վերականգնումին՝ պաշտպան կանգնելով այն արժէքներուն, որոնք Լիբանանը առանձնացուցին աշխարհի բազմաթիւ երկիրներուն մէջ որպէս առաքելութիւն (ինչպէս զայն կոչեց Յովհաննէս Պօղոս Բ. քահանայապետը)։
Ստորեւ այդ մասին տրուած լրատւութիւնը։
21 Նոյեմբեր 2024-ին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտութիւնը նշեց Լիբանանի Անկախութեան տօնը, որ այս տարի կը զուգադիպի երկրին մէջ տիրող աննախընթաց տագնապալի շրջանի մը՝ պատերազմական գործողութիւններու արդիւնքով մեծաթիւ զոհերու եւ ահաւոր աւերածութիւններու պատճառած վիշտի, ցաւի եւ խորագոյն մտահոգութիւններու համատարած մթնոլորտին մէջ: Հանդիսութեան ներկայ էին Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Հայր Սահակ վրդ. Քէշիշեան, Տէր Ռաֆայէլ Ժաուհարժի, ուսուցիչներ եւ ծնողներ:
Մեսրոպեանի շրջափակին մէջ հաւաքուած աշակերտութեան առջեւ բացումը կատարելով հանդիսութեան, աշակերտուհի Թիֆանի Իտ ոգեկոչեց յիշատակը Լիբանանի Անկախութեան սերունդի ներկայացուցիչներուն, դիտել տալով, որ Անկախութիւնը կերտողները այսօր մեզմէ կը պահանջեն հաւատարիմ մնալ Լիբանանին ու պաշտպանել անոր ինքնութիւնը՝ որպէս ազատութեան, արժանապատւութեան եւ քաղաքակրթութեան ջահակիր:
Օրուան պատգամախօսն էր Պրն Ճորճ Գրիգորեան, անդամ՝ Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի, որ իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ Լիբանան պիտի յաղթահարէ այն ողբերգութիւնը որ ներկայիս կը հարուածէ ամբողջ երկիրը եւ փիւնիկի պէս կրկին պիտի վեր յառնի մոխիրներէն: Ան վստահեցուց աշակերտներուն, որ լիբանանեան հայրենիքը աւելի ուժեղացած դուրս պիտի այս հարուածներէն եւ իր քաղաքացիներու կամքով ու իմաստութեամբ պիտի ընթանայ յառաջ՝ խաղաղ համակեցութեան լիբանանեան ոգիով:
Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ իր խօսքին մէջ աշակերտներուն յղեց ոգեպնդող պատգամներ, շեշտելով, որ լիբանանցին եւ յատկապէս նոր սերունդը միայն հանդիսութիւններու ընթացքին չէ որ պէտք է մեծարէ իր հայրենիքը, այլ անկեղծ ապրումով, յանձնառութեամբ եւ կենդանի գործով: Դուք պէտք է աշխոյժ մասնակիցը դառնաք այս հայրենիքի վերականգնումին՝ պաշտպան կանգնելով այն արժէքներուն, որոնք Լիբանանը առանձնացուցին աշխարհի բազմաթիւ երկիրներուն մէջ որպէս առաքելութիւն, ինչպէս զայն կոչեց Յովհաննէս Պօղոս Բ. քահանայապետը, ըսաւ պարոն Գալուստ:
(Կրնաք լսել պարոն Կրէկուար Գալուստի խօսքէն հատուած մը այստեղ՝ https://www.facebook.com/groups/mesrobiancollege/posts/8546456508813861/ ):
Գեղարուեստական յայտագիրով Մեսրոպեանի աշակերտական երգչախումբը կատարեց Լիբանանի քայլերգը, զուգորդուած դրօշակի արարողութեամբ, 5րդ դասարանէն աշակերտներ հանդէս եկան արտասանութեամբ, նախակրթարանի չորս դասարանները կատարեցին երգեր, 7րդ եւ 8րդ դասարաններէն խումբ մը աշակերտներ ասմունքեցին, Ժան Փիեռ Վարդանեան եւ Քեւըն Սոլաքեան ներկայացուցին նուագներ: