image

Երկու արձանիկներու տունդարձը

Երկու արձանիկներու տունդարձը

Հայաստան գալը մեզի համար պարզապէս տեղափոխութիւն մը ըլլալէն անդին՝ մեր փնտռտուքին վերջնական հանգրուանն էր. այն վայրը ուր հայ ըլլալը կը դադրի ճիգ մը ըլլալէ եւ կը դառնայ պարզապէս ապրուած իրականութիւն։ Այս արձանիկները այժմ կը հանգչին մեր գրադարանին մէջ՝ շրջապատուած հայերէն գիրքերով եւ մեր առօրեայ կեանքի անթիւ մանրուքներով։ Անոնք աւելի են քան զարդեր կամ յիշատակներ. անոնք կը մարմնաւորեն ճամբորդութիւն մը, որ սկսած է Եգիպտոսի մէջ, անցած է Գանատայէն եւ վերջապէս հասած է իր վերջնական հանգրուանին՝ Հայաստան։ Ամէն անգամ որ անոնց կը նայիմ, կը տեսնեմ տիկին Տիգրանուհիին ձեռքերը, որոնք զանոնք զգուշութեամբ փաթթեցին ճամբորդութեան համար, Արմենուհի նէնէին սէրը, որ զանոնք փայփայեց տասնամեակներ շարունակ եւ Նայիրի թանթիկին իմաստութիւնը, որ հասկցաւ որ անոնց տեղը հոս է՝ հայրենիքին մէջ։

Մեր բնակարանին մէջ, այս արձանիկները կը վկայեն թէ «տունը» կրնայ ըլլալ այնտեղ՝ ուր սիրտդ կը տանի քեզ։ Մեզի եւ այս արձանիկներուն համար այդ վայրը եղաւ Հայաստանը։

Ու այժմ, տիկին Տիգրանուհին եւ Արմենուհի նէնէն կրնան քիչ մը աւելի հանգիստ հանգչիլ, գիտնալով որ իրենց այնքան փայփայած արձանիկները վերջապէս հասած են իրենց վերջնական հանգրուանին՝ հայերէն գիրքերով լեցուն գրադարանի մը մէջ, ազատ հայրենիքի սրտին մէջ։

Իւրաքանչիւր առաւօտ, երբ արեւը կը ծագի Երեւանի երկինքին մէջ եւ իր առաջին ճառագայթները կը փայլին այս արձանիկներուն վրայ, կը մտածեմ թէ ինչքան երջանիկ պիտի ըլլային անոնք՝ տեսնելով, որ իրենց սուրբ աւանդը այլեւս տուն հասած է։ ֎

 

 

 

 

 

Ամէն անգամ որ Թորոնթօ վերադառնամ, ընտանեկան ու ընկերական կապերը նոր իմաստ կը ստանան. ամէն հանդիպում, իւրաքանչիւր պահ՝ ձեւով մը թանկագին կը դառնան:

Այդ օրը, ճաշարանի մը հանդարտ մէկ անկիւնը նստած էինք մօրս երկու քրոջ-նման-մօտիկ ընկերուհիներուն` Նայիրի եւ Օսիկ թանթիկներուս հետ: Միշտ առատաձեռն ու հիւրընկալ Նայիրի թանթիկը հրաւիրած էր մեզ: Շրջապատուած սպասքներու մեղմ շաչիւններով եւ ջերմ զրոյցներով, չէինք կրնար երեւակայել թէ այդ հանդիպումը պիտի վերածուէր այնքան յատուկ պահի մը։

Ճաշի աւարտին էր, երբ Նայիրի թանթիկը, իր բնորոշ նրբանկատութեամբ, մեզի յանձնեց երկու արձանիկներ՝ Սահակ Պարթեւ եւ Մեսրոպ Մաշտոց Սուրբերուն։ Գեղեցկօրէն պատրաստուած փոքր կոթողներուն մասին սկսաւ պատմել. անոր ձայնին մէջ կար այն յուզումը, որ միայն կու գար սերունդէ սերունդ փոխանցուող սրբութիւններու մասին խօսելու պահուն։

Արձանիկները 1963-ին Եգիպտոսէն Գանատա ճամբորդած էին, բերուած իր մեծ մօր՝ թորոնթոհայ համայնքին սիւներէն, Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ շաբաթօրեայ վարժարանի երկարամեայ տնօրէն եւ ՀՕՄ-ի ամառնային վարժարանի հիմնադիրներէն տիկին Տիգրանուհի Արթինեանի կողմէ, որ զանոնք պահպանած էր իբրեւ սրբազան մասունքներ։ Տասնամեակներ ետք, անոնք փոխանցուեցան իր դստեր՝ Արմենուհի Գոլոլեանին (մեր բոլորին սիրելի Արմէնուհի նէնէին), որ եւս համայնքին տիտաններէն էր: Ան բծախնդրօրէն պահած էր զանոնք մինչեւ իր մահը, որ պատահեցաւ քանի մը ամիսներ առաջ:

Արձանիկներուն հետ, Նայիրի թանթիկը մեզի յանձնեց նաեւ իր մեծ մօր գիրքը՝ «Հայ մօր յուշեր»-ը: Ըսաւ, որ «Երկու արձանիկները» վերնագրուած պատմուածքին մէջ պիտի գտնէինք ընկերուհի Տիգրանուհիին սեփական խօսքերը այս սրբազան յիշատակներուն մասին:

Այդ օրը, երբ տուն վերադարձանք եւ տիկին Տիգրանուհիին գիրքին էջերը սկսայ թերթատել, անոր խօսքերը սկսան նոր իմաստ ստանալ։ Իր պատմուածքին մէջ ան կը նկարագրէր արձանիկները իբրեւ հայկական հոգիին պահապաններ, որոնք լուռ վկաներն էին սերունդէ սերունդ փոխանցուող ժառանգութեան։ Ան կը պատմէր, թէ ինչպէ՛ս Գանատա հասնելէն անմիջապէս ետք, զանոնք զգուշութեամբ դրաւ իր հայերէն գիրքերուն մէջ, որպէս թէ անոնք ըլլային մեր մշակոյթի անթեղները՝ օտար ափերուն վրայ։

«… անձկութեամբ կը քակեմ շղարշանման թուղթին ծալքերը, ըլլայ թէ կոտրած ըլլան, բուրգերու երկրէն ի վեր որքա՜ն երկար ճամբայ կտրեցին անոնք, թափառական հայերու, թափառական Սուրբեր»։

Հինգերորդ դարուն, երբ Մեսրոպ Մաշտոց, կաթողիկոս Սահակ Պարթեւի աջակցութեամբ, ստեղծեց հայոց այբուբենը, անոնք մեզի պարգեւեցին մեր հաւաքական յիշողութեան բանալին։ Թորոնթոյի մէջ մեծնալով, այս պատմութիւնը կը թուէր հեռաւոր եւ վերացական։ Մենք կը սորվէինք մեր լեզուն, կը յաճախէինք հայկական դպրոց եւ եկեղեցի, կը մասնակցէինք համայնքային ձեռնարկներու, բայց միշտ կար այն զգացումը, որ կը փորձէինք բռնել անբռնելին, պահել անպահելին։ Ինչպէս ընկերուհի Տիգրանուհին իր արձանիկները դրած էր գիրքերուն մէջ, մենք ալ կը փորձէինք ստեղծել հայկական կեանքի փոքրիկ օազիսներ «օտար» հողին վրայ։

Հայաստան գալը մեզի համար պարզապէս տեղափոխութիւն մը ըլլալէն անդին՝ մեր փնտռտուքին վերջնական հանգրուանն էր. այն վայրը ուր հայ ըլլալը կը դադրի ճիգ մը ըլլալէ եւ կը դառնայ պարզապէս ապրուած իրականութիւն։ Այս արձանիկները այժմ կը հանգչին մեր գրադարանին մէջ՝ շրջապատուած հայերէն գիրքերով եւ մեր առօրեայ կեանքի անթիւ մանրուքներով։ Անոնք աւելի են քան զարդեր կամ յիշատակներ. անոնք կը մարմնաւորեն ճամբորդութիւն մը, որ սկսած է Եգիպտոսի մէջ, անցած է Գանատայէն եւ վերջապէս հասած է իր վերջնական հանգրուանին՝ Հայաստան։ Ամէն անգամ որ անոնց կը նայիմ, կը տեսնեմ տիկին Տիգրանուհիին ձեռքերը, որոնք զանոնք զգուշութեամբ փաթթեցին ճամբորդութեան համար, Արմենուհի նէնէին սէրը, որ զանոնք փայփայեց տասնամեակներ շարունակ եւ Նայիրի թանթիկին իմաստութիւնը, որ հասկցաւ որ անոնց տեղը հոս է՝ հայրենիքին մէջ։

Մեր բնակարանին մէջ, այս արձանիկները կը վկայեն թէ «տունը» կրնայ ըլլալ այնտեղ՝ ուր սիրտդ կը տանի քեզ։ Մեզի եւ այս արձանիկներուն համար այդ վայրը եղաւ Հայաստանը։

Ու այժմ, տիկին Տիգրանուհին եւ Արմենուհի նէնէն կրնան քիչ մը աւելի հանգիստ հանգչիլ, գիտնալով որ իրենց այնքան փայփայած արձանիկները վերջապէս հասած են իրենց վերջնական հանգրուանին՝ հայերէն գիրքերով լեցուն գրադարանի մը մէջ, ազատ հայրենիքի սրտին մէջ։

Իւրաքանչիւր առաւօտ, երբ արեւը կը ծագի Երեւանի երկինքին մէջ եւ իր առաջին ճառագայթները կը փայլին այս արձանիկներուն վրայ, կը մտածեմ թէ ինչքան երջանիկ պիտի ըլլային անոնք՝ տեսնելով, որ իրենց սուրբ աւանդը այլեւս տուն հասած է։ ֎

***

 

Ռուբէն Ճանպազեան

 

Այս յօդուածը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի դեկտ. 2024 թիւին մէջ: