image

Ասատի տապալումէն ետք Մոսկուան պէտք է վերանայի իր ներկայութիւնը Սուրիոյ մէջ. անցումային կառավարութեան խօսնակ

Ասատի տապալումէն ետք Մոսկուան պէտք է վերանայի իր ներկայութիւնը Սուրիոյ մէջ. անցումային կառավարութեան խօսնակ

Սուրիոյ նոր անցումային կառավարութեան քաղաքական բաժնի խօսնակ Օպեյտա Առնաութը կոչ ըրած է Ռուսիոյ վերանայելու երկրի մէջ իր ներկայութիւնը՝ Մոսկուայի դաշնակից, նախկին նախագահ Պաշշար Ասատի տապալումէն ետք։ Այս մասին յայտնած է Euronews-ը։

«Ես կը կարծեմ, որ Ռուսիան պէտք է վերանայի սուրիական տարածքին մէջ իր ներկայութիւնը եւ իր շահերը»,- ըսած է Առնաութը։

Անոր խօսքով, Մոսկուան կրնայ համագործակցիլ նոր վարչակազմի հետ՝ ցոյց տալով, որ «սուրիոյ ժողովուրդի նկատմամբ թշնամութիւն չունի»։

Ռուսիան Սուրիոյ մէջ ունի երկու ռազմակայան՝ Լաթաքիոյ նաւահանգիստի մօտ գտնուող «Հմէյմիմ» օդանաւային ռազմակայանը եւ Միջերկրական ծովու ափին գտնուող Թարթուսի ռազմածովային կայանը։ Մոսկուան եւ Դամասկոսը 2017 թուականին համաձայնագիր ստորագրած են այնտեղ 49 տարի ժամկէտով ռուսական ռազմական ուժերու ներկայութեան մասին։ Յենակէտերը կը համարուին Քրեմլի ռազմավարական կարեւորագոյն կառոյցներէն մէկը։

Թարթուսի ռազմակայանը յատկապէս կարեւոր է, քանի որ այն Ռուսիոյ կ՚ապահովէ իր միակ ուղիղ ելքը դէպի Միջերկրական ծով եւ կը ծառայէ որպէս ռազմածովային զօրավարժութիւններու եւ ռազմանաւերու տեղակայման կէտ, նշած է հրատարակութիւնը։

Արեւմտեան վերլուծաբաններն ու հետախուզական ծառայութիւնները կը յայտնեն Սուրիայէն ռուսական զօրքերու լայնածաւալ դուրսբերման մասին, սակայն Մոսկուան դեռ չէ հաստատած այդ տեղեկութիւնը։

Աւելի վաղ տեղեկութիւններ կային, որ ռուսական ռազմական սարքերու մեծ շարասիւնը Լաթաքիայէն հեռացած է Թարթուսի ուղղութեամբ։ Մասնագէտները վերլուծած են արբանեակային պատկերները եւ յայտնաբերած բեռնատարներ եւ զրահափոխադրիչներ, որոնք ժամանած են Թարթուս:

Սուրիոյ նոր անցումային կառավարութեան խօսնակ Առնաութի խօսքով՝  Ռուսիոյ վերջին տեղաշարժերը Սուրիոյ մէջ միանշանակ չեն: Ան ընդգծած է, որ նաւատորմի նաւերը նաւահանգիստներէն հեռացնելու եւ ռազմակայաններէն ռազմական մեքենաներու շարասիւները տեղափոխելու որոշումը յստակ ցոյց չի տար, թէ արդեօք Քրեմլն իսկապէս կը նահանջէ, թէ այդ անոնց կանոնաւոր տեղաշարժերի մէկ մասն է:

«Կը կարծեմ, որ Ռուսիան պէտք է վերանայի իր ներկայութիւնը սուրիական տարածքին մէջ, ինչպէս նաեւ իր շահերը: Անոնց շահերը կապուած էին  Ասատի յանցաւոր ռեժիմի հետ։ Անոնք կրնան վերանայիլ եւ նախաձեռնութիւններ ձեռնարկել՝ կապ հաստատելու նոր վարչակազմի հետ՝ ցոյց տալով, որ իրենք թշնամութիւն չունին սուրիացի ժողովուրդի նկատմամբ, եւ որ Ասատի ռեժիմի դարաշրջանը վերջապէս աւարտած է», - եզրափակած է Առնաութը: