image

Խմբագրական «Մասիս»ի. Ճաքեր Ռուսաստան-Իրան յարաբերութիւններուն մէջ

Խմբագրական «Մասիս»ի. Ճաքեր Ռուսաստան-Իրան յարաբերութիւններուն մէջ

Ինչպէս յայտնի է, Իրանի համար խիստ կարեւոր է Հայաստանի հետ սահմանը, որպէսզի իրանեան բեռնատարները կարողանան Վրաստանով հասնիլ Սեւ Ծով եւ ապա Եւրոպա: Թեհրան նաեւ ունի այն մտավախութիւնը, որ եթէ Մոսկուան փորձէ միջանցքի պատրուակով վերադառնալ Հարաւային Կովկաս, Արեւմուտքը կրնայ յայտնուիլ իր սահմանին` արգիլելու համար նման զարգացումները:

Այս բարդ իրավիճակին առջեւ Ռուսաստանը պիտի ստիպուի նահանջելու` աւելի չսրելու համար Իրանի հետ իր յարաբերութիւնները, որոնք խիստ կարեւոր են Մոսկուայի համար յատկապէս այս հանգրուանին: Իսկ Հայաստան-Իրան շահերու համընկնումը նպաստաւոր է երկու կողմերուն համար ալ:

 

 

Ուքրանիոյ պատերազմին որպէս հետեւանք խզուեցան Ռուսաստան կապերը Արեւմուտքի հետ ու Մոսկուան սկսաւ իր յարաբերութիւնները զարգացնել Չինաստանի, Հիւսիսային Քորէայի, Իրանի եւ ի վնաս Հայաստանի` Ատրպէյճանի հետ:

Վերջերս Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հետ Ռուսաստանի ունեցած սերտ յարաբերութիւններուն մէջ յայտնուեցան տարաձայնութիւններ` երբ Մոսկուան«Զանգեզուրի միջանցնքի» հարցով սկսաւ սատարել Ատրպէյճանի տեսակէտներուն:

Վերջին մի քանի տարիներուն Մոսկուան սկսած է աւելի ու աւելի յենիլ Իրանի վրայ,  որպէսզի  կարողանայ համալրել այն զինատեսակները, որոնք ռուսական բանակը կը կորսնցնէ պատերազմի դաշտին վրայ: Տակաւին այս շաբաթ Ուաշինկթըն իր դաշնակիցներուն տեղեկացուց, որ Իրան փոքր հեռահարութեան «պալիստիք» հրթիռներ փոխանցած է Ռուսաստանին` Ուքրանիոյ դէմ գործածուելու համար: ԹԷեւ Թեհրան կը հերքէ այս տեղեկութիւնները, սակայն առաջին անգամ չէ, որ Իրան իր զինանոցը կը բանայ Ռուսաստանի առջեւ:

Հետեւաբար, երբ վերջերս Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրով Պաքուի մէջ յայտարարեց, որ Հայաստան «սապոթաժի» կ’ենթարկէ 44-օրեայ պատերազմի աւարտին ստորագրուած եռակողմ յայտարարութեան 9-րդ կէտի գործադրումը, որ կը վերաբերի ճանապարհներու բացման, Իրանի ղեկավարութեան մօտ յառաջացան դժգոհութիւններ:

Մոսկուայի տեսակէտը այն է թէ, այդ կէտը կը նախատեսէ իր զօրքերու տեղակայումը Ատրպէյճանը նախիջեւանին կապող ճանապարհին վրայ: Այս մեկնաբանութիւնը ընդունելի չէ Հայաստանի համար, որուն վարչապետը այս օրերուն իսկ յայտարարեց, որ Նոյեմբերի 9-ի յայտարարութեան մէջ չկայ այնպիսի դրոյթ, որով ՀՀ որեւէ տարածքի վրայ պէտք է լինի այլ երկրի վերահսկողութիւն:

Վերջին տարիներուն Ատրպէյճան կը պահանջէր Հայաստանի Սիւնիքի մարզով միջանցք, որպէսզի իր քաղաքացիները առանց ստուգման երթեւեկեն Իրանի սահմանի մօտով անցնող ճանապարհով:  Ամէն անգամ երբ Պաքու կը բարձրացնէր այս հարցը, Իրան կը յայտարարէր, որ իրենք դէմ են տարածաշրջանի երկիրներու սահմաններու որեւէ տեսակի փոփոխութեան: Իսկ երբ վերջերս Պաքուն յայտարարեց, որ առայժմ հրաժարած է միջանցքի իր պահանջէն կը կարծուէր թէ, այդ էջը փակուած է:

Իրանի համար անակնկալ եղաւ Մոսկուայի դիրքորոշումը, որ արտայայտուեցաւ Լաւրովի բերնով ու հակազդեցութիւնը եղաւ արագ ու հրապարակային: Նախ Ռուսաստանի դեսպանը հրաւիրուեցաւ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն` բողոքելու համար Մոսկուայի դիրքորոշումին կապակցութեամբ: Ապա եղան բազմաթիւ յայտարարութիւններ ըսելու համար, որ Թեհրանը դէմ է, որ Սիւնիքի մէջ հաղորդակցութիւնները վերահսկեն երրորդ երկիրներու ներկայացուցիչները: Աւելին, Իրանի անվտանգութեան կառոյցներուն մօտ կանգնած լրատուամիջոց նկատուող «Թեհրան Թայմզ» թերթը եկաւ յայտնելու, որ Պաքուի եւ Անգարայի պահանջած «զանգեզուրեան միջանցքը» կարմիր գիծ է Թեհրանի համար ու Իրանի իշխանութիւնները պատրաստ են ընդդիմանալու սահմանները փոխելու փորձերուն` նոյնիսկ ռազմական միջամտութեամբ:

Ինչպէս յայտնի է, Իրանի համար խիստ կարեւոր է Հայաստանի հետ սահմանը, որպէսզի իրանեան բեռնատարները կարողանան Վրաստանով հասնիլ Սեւ Ծով եւ ապա Եւրոպա: Թեհրան նաեւ ունի այն մտավախութիւնը, որ եթէ Մոսկուան փորձէ միջանցքի պատրուակով վերադառնալ Հարաւային Կովկաս, Արեւմուտքը կրնայ յայտնուիլ իր սահմանին` արգիլելու համար նման զարգացումները:

Այս բարդ իրավիճակին առջեւ Ռուսաստանը պիտի ստիպուի նահանջելու` աւելի չսրելու համար Իրանի հետ իր յարաբերութիւնները, որոնք խիստ կարեւոր են Մոսկուայի համար յատկապէս այս հանգրուանին: Իսկ Հայաստան-Իրան շահերու համընկնումը նպաստաւոր է երկու կողմերուն համար ալ:

 

Գրիգոր Խոտանեան

«ՄԱՍԻՍ»