image
Հրատապ լուրեր:

Զախարովա. «Մենք մտահոգ ենք Պաքու-Երեւան լարուածութեամբ»

Զախարովա. «Մենք մտահոգ ենք Պաքու-Երեւան լարուածութեամբ»

Ռուսիոյ, անկասկած, կը մտահոգէ վերջին շաբաթներուն Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ ի յայտ եկած բացասական միտումները: Այս մասին ճեպազրոյցի ժամանակ յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան։

Ան ընդգծած է, որ անխոհեմ հռետորաբանութեան աշխուժացումը եւ մեղադրանքներու փոխանակումը կ'ուղեկցուին տարածաշրջանին մէջ լարուածութեան աճով։

«Մենք հայկական եւ ատրպէյճանական կողմերուն կոչ կ'ընենք կամք դրսեւորելու եւ ընդհանուր յայտարարի գալու։ Մենք հնարաւոր աջակցութիւն կը ցուցաբերենք։ Մենք արդէն մեկնաբանած ենք Պաքուի հետ խաղաղութեան պայմանագրի մշակման հարցով Հայաստանի ղեկավարի հակասական յայտարարութիւնները։ Կ'ուզեմ անգամ մը եւս ընդգծել, որ, ցաւօք, հայկական կողմը բաց թողեց 2022 թուականի 23 դեկտեմբերին Մոսկուայի մէջ ատրպէյճանցիներու հետ բանակցութիւններու յաջորդ փուլը կայացնելու հնարաւորութիւնը, այնինչ կրնար այդ հանդիպումը օգտագործել խնդրայարոյց թեմաներու քննարկման, այդ շարքին՝ Լաչինի միջանցքի շուրջ ստեղծուած իրավիճակի մասին խօսելու համար»,-ըսած է ան:

Զախարովան ընդգծած է, որ, ամէն պարագայի, ռուսական կողմի առաջարկը կը մնայ ուժի մէջ: Ռուսիոյ Դաշնութիւնը պատրաստ է հարթակ տրամադրելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու միջեւ բանակցութիւններու համար։