image

« Յոյս պիտի տանք մեր զինուորներուն...»Ֆրէզնոյի հայ բժիշկներու նախաձեռնութիւնը կը շարունակուի

« Յոյս   պիտի տանք  մեր  զինուորներուն...»Ֆրէզնոյի  հայ  բժիշկներու նախաձեռնութիւնը կը շարունակուի

 Ինչպէս   ամէն տարի  այս տարի եւս  մեծ  յաջողութեամբ  կը շարունակուի ամերիկահայ  ազգային  գործիչներ    Պերճ  Աբգարեանի (Ֆրէզնոյի  մէջ  Հայաստանի պատւոյ հիւպատոս)  եւ   բժիշկ, ազգային գործիչ  Վաչէ Վասիլեանի նախաձեռնութիւնը։

 Մեր  ազգայինները  այս տարի ալ  իրենց  ամերիկացի ու  հայ  բժիշկներու     ընկեարկցութեամբ  այցելեցին Հայաստանի  տարբեր շրջաններ եւ   նախնական    ու մասնագիտական բուժօգնութիւն են ցուցաբերած  մասնաւորապէս Արցախեան  պատերազմէն  տուժած  մեր  զինուորներուն։

 Ստորեւ մեր ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնենք  այս մասին  «Նիւզ. Ամ»  կայքի  պատրաստած  նիւթը։ 

 Նիւթը  տրուած  է Արեւելահայերէնով ու   «Արեւելք» այն վերածեց  ՝ Արեւմտահայերէնի։

Այս տարի բարեգործական բժշկական առաքելութեան ծիրէն ներս Ֆրէզնոյէն Հայաստան ժամանած մասնագէտները կեդրոնացան են 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին վիրաւորուած զինուորներու բուժման եւ վերականգնման վրայ:

Ֆրէզնոյի մօտ Հայաստանի պատւոյ հիւպատոս՝ Պերճ Աբգարեան, որու նախաձեռնութեամբ ի սկզբանէ հաւաքուած էր Ֆրէզնոյի բժշկական առաքելութիւնը, պատմեց, որ այս տարի, ինչպէս եւ նախորդ տարիներուն, 40 բժիշկներէ բաղկացած խումբը կը նախատեսէ 2 շաբաթ մնալ Հայաստանի մէջ: Այդ բժիշկները որոշած են մեկնիլ բարեգործական ուղեւորութեան՝ չնայած աշխարհին մէջ դեռ մոլեգնող «Քորոնա» ժահրի համավարակին: Աւելին, այս տարի առաքելութեան միացած են բժիշկներ այլ քաղաքներէ, անոնց կարգին` Քենթաքիէն, Տիթրոյիթէն, Շիքակոյէն եւ Լոս Անճելըսէն:

Ինչպէս եւ նախորդ տարիներուն, առաքելութեան կազմին մէջ կան ոչ միայն հայազգի բժիշկներ, այլ նաեւ այլ ազգութիւններէ մարդիկ, որոնք ընդհանրապէս կապ չունին Հայաստանին հետ: Անոնցմէ ոմանք առաջին անգամ եկած են, միւսները՝ ամէն տարի: Պերճ Ապգարեանի խօսքով՝ այդ բժիշկները կապուած են Հայաստանին ու հայերուն, անոնք իրենց հոգին կը ներդնեն տեղացի մասնագէտներու պատրաստման եւ տեղացի հիւանդներու բուժման մէջ:

Այս տարի առաքելութիւն իրականացնող բժիշկներէն շատերը ֆիզիոթերափիստ են: Այս 2 շաբթուայ ընթացքին անոնք վիրաւոր տղաներու բուժման եւ վերականգնման հարցերով կ'օգնեն «Զինուորի տան», այնպէս ալ Գիւմրիի, Վանաձորի, Արմաւիրի եւ այլ քաղաքներու մէջ, ինչպէս նաեւ կը փոխանցեն իրենց փորձը տեղացի մասնագէտներուն եւ կը բարձրացնեն անոնց որակաւորումը:

Բժիշկներու խումբին մէջ է նաեւ աշխարհահռչակ բժիշկ՝ Ռէյմընտ Պաթսը, որ կը դասաւանդէ Միացեալ Նահանգներու լաւագոյն բժշկական դպրոցներուն մէջ: Այստեղ՝ Հայաստան, ան իր գիտելիքներն ու փորձը կը կիսէ տեղի մասնագէտներուն հետ:

«Մենք կ'ուզենք յոյս տալ վիրաւորներուն: Տղաները պէտք է իմանան, որ միայնակ չեն: Սփիւռքը կանգնած է մեր Հայրենիքի կողքին, եւ մենք ոչինչ կը խնայենք այս երեխաներուն համար, մենք կ'ընենք հնարաւոր ամէն ինչ՝ անոնց եւ մեր Հայրենիքին համար»,- ըսած է Պերճ Ապգարեանը:

Այս տարուայ առաքելութիւնը մեկնարկեց 27 սեպտեմբերին: Բժիշկ Վաչէ Վասիլեան, որ ներգրաւուած է առաքելութեան կազմակերպչական աշխատանքներուն մէջ, ըսած է, որ թուականը պատահական չէ ընտրուած, ան Արցախի 44-օրեայ պատերազմի մեկնարկի առաջին տարելիցն է: Նոյն օրը մեկնարկած բարեգործական առաքելութիւնը ցոյց կու տայ, որ համընդհանուր ջանքերով կարելի է յաղթահարել ցաւը եւ մարդոց յոյս տալ:

Առաքելութեան ծիրէն ներս Հայաստան ժամանած է նաեւ մանկաբոյժ Կարինէ Լեփեճեանը (ԱՄՆ): Ան չի զբաղիր զինուորներով, սակայն, ըստ անոր, ամէն տարի շատ կ'ըլլան փոքրիկ հիւանդներ ու նաեւ հարցեր եւ այս տարին բացառութիւն չէ: Երբ տեղի բժիշկները կը հանդիպին հազուագիւտ դէպքերու, անոնք կը խորհրդակցին բժիշկ Լեփեճեանի եւ անոր գործընկերներուն հետ, եւ անոնք միասին կը կարողանան գտնել լաւագոյն լուծումները փոքրիկ հիւանդներուն համար:

Այս համագործակցութիւնը շատ կարեւոր է նաեւ ծնողներուն համար. երբ անոնք կը հասկնան, որ այստեղ՝ Հայաստանի մէջ, իրենց երեխաներուն կը տրուի նոյն բուժումը, ինչ Միացեալ Նահանգներու մէջ, անոնք իրենք իրենց աւելի վստահ կը զգան եւ աւելի ուշադիր կը հետեւին բժիշկներու ցուցմունքերուն:

Այս տարի դոկտոր Լեփեճեան իր հետ բերած է իր մասնագիտական գրականութիւնը, որ կը նուիրէ անգլերէն կարդացող տեղի բժիշկներուն:

 

 

 Նիւթ ՝ «Նիւզ.ամ»էն