image

Յոյն գործարարները պիտի քննարկեն Հայաստաի մէջ ներդրումային հեռանկարները

Յոյն գործարարները պիտի քննարկեն Հայաստաի մէջ ներդրումային հեռանկարները

2017-ին կը նախատեսուի յոյն գործարարներու պատուիրակութեան այցը Հայաստան՝ երկրի ներդրումային հնարաւորութիւններուն ծանօթանալու եւ տնտեսական կապերու ընդլայնման հեռանկարները քննարկելու համար: Այս մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի մէջ Յունաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Նաֆսիկա Նենսի Եւա Վրայիլան՝ ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեանի հետ հանդիպման:

Կողմերը կարեւորած են գործարար շփումներու աշխուժացման ուղղութեամբ քայլերու ձեռնարկումը: Կարէն Կարապետեանի խօսքով՝ պէտք է աշխուժ աշխատիլ յատկապէս տնտեսական համագործակցութեան ոլորտին մէջ առկայ ներուժի իրացման ուղղութեամբ: 

Դեսպանը, իր հերթին, նշած է, որ Յունաստանը պատրաստակամ է՝ շարունակելու համատեղ ծրագիրերն ու զարգացնելու համագործակցութիւնը: